Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի սաները, աւարտելով իրենց ուսումը, կը ստանան գիտելիք Python ծրագրաւորման լեզուի եւ տարբեր նախագիծերու մասին։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ STEP.ai ծրագիրը սկիզբ առած է 2022-ին։ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի աշակերտներէն շատեր մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին այս ծրագիրին. բան մը, որ կը վկայէ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը:
Հետեւելով աշակերտներու գնահատականներու ցուցանիշին, կը տեսնենք, որ անցեալ ուսումնական տարեշրջանին ուսանողներու 80%-ը ստացած է բարձրագոյն գնահատական (9–10), իսկ 20%-ը՝ ցուցաբերած է բարձր առաջադիմութիւն (7–8)։ Անշուշտ, գնահատականներէն աւելի կարեւոր են հետաքրքրական նախագծերը, որոնք կատարած են իրենց ստացած գիտելիքներու հիման վրայ: Անոնք ինքնուրոյն վերլուծած են տուեալներու շտեմարաններ՝ սկսեալ ապահովագրական ծախսերէն մինչեւ շաքարախտի յայտնաբերումի մասին տեղեկութիւններ:
Աշակերտներէն շատեր այսպէս խօսած են իրենց փորձառութեան մասին:
«Այս դասընթացքը կարեւոր էր իմ մասնագիտական զարգացման համար։ Օգնեց հասկնալու ծրագրաւորման տրամաբանութիւնը, առաւել սորվեցուց արդիւնաւէտ ու համակարգուած աշխատիլ իրական տուեալներու հետ: Տեսական գիտելիք ստանալէ ետք միշտ կը կատարէինք գործնական առաջադրանքներ, կը կազմէինք պզտիկ ծրագիրներ, տուեալներու վերլուծականներ եւ գծապատկերներ։ Վստահ եմ, որ այս բոլորը կրնամ կիրառել տարբեր նախագիծերու մէջ»:
— Անի Բալայեան
«Դասընթացքի շնորհիւ կրցայ խորացնել ծրագրաւորման առնչուղ գիտելիքներս՝ սկսեալ հիմունքներէն մինչեւ տուեալներու վերլուծութիւն։ Այս նախագիծը օգնեց հասկնալու, թէ ինչպէս պէտք է մաքրել, կազմակերպել, վերլուծել եւ ներկայացնել տուեալները։ Ինծի համար այս դասընթացքը ինքնուրոյն աշխատելու, քննադատական մտածողութիւնը զարգացնելու եւ ճարտարագիտական հմտութիւնները կատարելագործելու կարեւոր փորձառութիւն էր»։
— Երազիկ Յովհաննիսեան
Կարգ մը աշակերտներու համար ծրագիրը ոչ միայն գիտելիք ստանալու, այլ զայն ուրիշներուն փոխանցելու հնարաւորութիւն էր։ Նարեկ Սահակեանը պիտի դասաւանդէ Python ծրագրաւորման լեզուն 7-րդ եւ 8-րդ կարգերու աշակերտներուն։
«Դասընթացքի ընթացքին՝ թէ՛ առցանց, թէ՛ դասարանէն ներս, մենք ուսումնասիրեցինք այնպիսի նիւթեր, որոնք հարստացուցին մեր գիտելիքները։ Ես աւելի մանրամասն եւ խորութեամբ ուսումնասիրեցի նիւթերը եւ հիմա պատրաստ եմ գիտելիքներս փոխանցելու կրտսեր աշակերտներուն»։
— Նարեկ Սահակեան
Աշակերտներէն շատեր կը հաստատեն, որ ուսումը ոչ միայն տեղեկութիւն իւրացնելն է, այլ՝ աշխարհը տարբեր տեսանկիւնէն ընկալելը։
«Ինծի համար տպաւորիչ էր տուեալներու մոտելաւորման եւ անոնց կիրառման գաղափարը։ Աւարտական նախագիծիս միջոցով նախ ամրապնդեցի տեսական գիտելիքները, ապա ունեցայ գործնական փորձառութիւն՝ իրական տուեալներու հետ աշխատելու շնորհիւ»։
— Նուարդ Ղահրամանեան
STEP.ai ծրագիրը մեկնարկած է ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ), ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, Սինոփսիս հիմնադրամի, Սինոփսիս Արմենիայի (կրթական բաժին), Հայաստանի Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան համատեղ ջանքերով:
Ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք ստանալ սեղմելով այս յղումը: