Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) Հիպրիթ կրթական ծրագիրը մեծ դեր ունի հայկական կրթութեան տարածման աշխատանքներուն մէջ:
Այս ծրագիրը, հայագիտական առարկաներու եւ առցանց ձեռնարկներու միջոցով կը միտի աջակցիլ կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան ծաւալման: Այս առումով, առանձնայատուկ տեղ ունի ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը Արժանթինի Ռոսարիօ ազգային համալսարանին (NRU) հետ:
Ռոսարիօ համալսարանը Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ 2021-էն կը հետեւի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Այս իսկ պատճառով հանդիպում մը ունեցանք համալսարանի հայագիտական ամպիոնի պատասխանատու փրոֆ. Սապրինա Տեմիրճեանին հետ: Ան խօսեցաւ ծրագիրի եւ վերջին 4 տարիներու ընթացքին ուսանողներուն կրած դրական ազդեցութեան մասին:
Հիպրիթ կրթական ծրագիրը ինչո՞ւ ընտրեցիք:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ ծրագիրին հետեւելու գաղափարը յղացաւ Ռոսարիօ ազգային համալսարանի հայագիտական ամպիոնի անդամներէն մէկը, որ անձամբ հտեւած էր հայոց լեզուի դասերուն, աւարտած էր ամբողջ դասընթացքը, նոյնիսկ մասնակցած էր Հայոց պատմութեան դասընթացքին՝ ամբողջացնելով Հայաստանի նորագոյն պատմութեան նուիրուած դասերը:
20 Մարտ 2021-ին, համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրուելէ ետք, Ռոսարիօ ազգային համալսարանի ժամանակակից լեզուներու ամպիոնի բաժինէն ներս սկիզբ առաւ հայոց լեզուի ամպիոնի գործունէութիւնը: Կազմակերպուեցան յատուկ անվճար դասընթացքներ համալսարանականերու եւ լայն հանրութեան համար:
Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ ծրագիրը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի առցանց դասընթացքը դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ: Սպաներէնով աւանդուող այս առցանց դասընթացքը յատկապէս օգտակար դարձաւ օտար ուսանողներուն համար: Բազմաբնոյթ նիւթերուն շնորհիւ դասերը հետաքրքրական են, իսկ ուսուցումը՝ արդիւնաւէտ:
Դասընթացքը առցանց է եւ անոր համար բազմաթիւ ուսանողներ ծրագիրին միանալու առիթն ունեցան: Մենք ունինք ուսանողներ Պրազիլէն, Գոլոմպիայէն, Գոստա Ռիկայէն, Սպանիայէն, Մեքսիքէն, Վենզուելլայէն եւ Արժանթինի տարբեր նահանգներէն, ինչպէս՝ Գորթոպայէն, Չուպութէն, Էնթրէ Ռիոսէն, Մենտոզայէն, Սանթիակո տել Էսթերոյէն, Սանթա Գրուզէն, Ռիո Նեկրոյն, Թուգումանէն, Թիերա տել Ֆուեկոյէն, առաւել՝ Պուէնոս Այրէսէն:
Նշեցէ՛ք ՀՀՀ-ի ծրագիրի առանձնայատկութիւնը եւ ձեր ակնկալիքը:
Ռոսարիօ ազգային համալսարանի ուսանողները մեծ հետաքրքրութեամբ կը մասնակցին ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ընկերային-մշակութային առցանց ձեռնարկներուն: Մենք կ'ակնակալենք, որ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին այդպիսի հանդիպումները յաճախակի ըլլան:
ՀՀՀ Հիպրիթ կրթական ծրագիրը աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է: Նպատակն է աւանդական ուսուցումը հարստացնել արդի ճարտարագիտութեամբ: Այս ծրագիրը դասընթացքներու կողքին կը տրամադրէ ընկերային-մշակութային հանդիպումներ՝ հեռավար դասախօսներու աջակցութեամբ։ 8 լեզուներով մատուցուող այս ծրագիրին միացած են աւելի քան 80 ուսումնական հաստատութիւններ՝ դպրոցներ, համալսարաններ եւ համայնքային կեդոններ: