login
Ակադեմական Քաղաքականութիւն

ՀՀՀ-ի ուսանողները կրնան իրենց աւարտած իւրաքանչիւր դասընթացքի վարկանիշները հաւաքելվկայական, վկայագիր կամ մասնագիտական որակաւորում ստանալու համար:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարդացէ՛ք  «Ծրագրային Առաջարկներ» բաժինը:

Գնահատման Կարգ

Գնահատման Կարգ

Գնահատականները կը նշանակուին տառերով եւ կը համապատասխանեն ստորեւ գրուած թուային արժէքներուն:

Տառ Տոկոս Նիշ Նկարագրութիւն
Յաջող A
A-
95-100
90-94
4.0
3.7
Գերազանց – բարձր յառաջդիմութիւն, նիւթի բարձր ընկալում
B+
B
B-
87-89
84-86
80-83
3.3
3.0
2.7
Լաւ - լաւ յառաջդիմութիւն, նիւթի ընկալում
C+
C
C-
77-79
74-76
70-73
2.3
2.0
1.7

D 60-69 1.0 Յաջող – նիւթի նուազագոյն չափի ընկալում
Ձախող F 0-59 0.0 Ձախող –նիւթի ընկալման անընդունելի ցած դրսեւորում

Մասնակից ուսանողները գնահատականներ կը ստանան ակադեմական ուսումնական շրջանի ընթացքին: Եթէ մասնակից ուսանողը կը մասնակցի մէկէ աւելի դասընթացքներու եւ/կամ արձանագրուած է մէկէ աւելի ուսումնական շրջաններու, ապա Արձանագրութեան Գրասենեակը կը պահպանէ ուսանողին միջին գնահատականը (GPA), զոր հաշուելու համար պէտք է (առարկայի ընդհանուր նիշերը x վարկանիշային ժամերը)/(վարկանիշային ժամերու գումարը): Ունկնդիր ուսանողները գնահատական չեն ստանար։ Անոնք օն լայն ուսուցիչներու կողմէ ներկայացուած պահանջքները կատարելու կամ չկատարելու պարագային կը ստանան «ստուգուած» կամ «չստուգուած» արժեւորումը։

  • Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ Moodle հարթակը եւ ՀՀՀ յաւելուածը  որոշ տարբերութիւններ ունին․ շաբաթական առաջադրանքները, քննութիւնները կրնաք տեսնել միայն Moodle հարթակին։
  • Մասնակից ուսանողները առաջադրանքները պէտք է յանձնեն ըստ սահմանուած ժամանակացոյցին. ուսումնական շրջանի վերջին շաբթուան ընթացքին առաջադրանքներու յանձնումը ընդունելի չէ: Ուսանողները կրնան յետաձգել՝ նախապէս տեղեակ պահելով հեռավար ուսուցիչին:
  • Մասնակից ուսանողները կը փոխադրուին «Ազատ դասընթացքներ» ծրագիրին, եթէ ուսումնական շրջանի առաջին չորս շաբթուան ընթացքին աշխուժօրէն չմասնակցին դասերուն:

Ակադեմական Կարգապահութիւն

Ակադեմական Կարգապահութիւն

Ըստ ՀՀՀի ակադեմական կարգապահական քաղաքականութեան, բոլոր առաջադրանքները, հարցումները եւ քննութիւնները ուսանողը պէտք է անձամբ կատարէ: Այլապէս կ՚որակուի որպէս ակադեմական անկարգապահութիւն:

Խաբէութիւն

  • Արգիլուած է քննութեան ատեն հաղորդակցիլ եւ իրարու փոխանցել քննութեան պատասխանները: Ժամային գօտիները տարբեր են, ուստի քննութեան օրերն ալ տարբեր կ՚ըլլան։
  • Արգիլուած է ուրիշի մը աշխատանքը, առանց իր համաձայնութեան, օգտագործել կամ ընդօրինակել։
  • Արգիլուած է այլ ուսանողի փոխարէն քննութիւն յանձնել։
  • Արգիլուած է ուրիշ անձի հետ քննութիւն յանձնել։
  • Արգիլուած է ուրիշ ուսանողի մը աշխատանքը, որպէս սեփական աշխատանք ներկայացնել։
  • Արգիլուած է խմբային աշխատանքի ընթացքին գնահատել անպարտաճանաչ ուսանողը:

Բանագողութիւն

  • Գողնալ եւ գործածել այլ ուսանողի մը միտքերը/բառերը։
  • Գործածել ուրիշի մը ստեղծագործական աշխատանքը առանց բնօրինակին յղում կատարելու:

Անհրաժեշտ է խստօրէն պահպանել վերոյիշեալ ակադեմական կարգապահական օրէնքները: Իւրաքանչիւր դէպք կը ներկայացուի ՀՀՀի Ակադեմական Խորհուրդի քննարկումին: Եթէ որոշուի, որ ուսանողը կարգապահական օրէնքի մը խախտումը կատարած է, ապա ան կը հեռացուի ՀՀՀէն եւ կը ստանայ XF ցուցիչը: Եթէ պարզուի, որ ուսանողը ակադեմական կարգապահական օրէնքի խախտման փորձ կատարած է, ապա ան կը զգուշացուի։ Նոյն վարքագիծի շարունակութեան պարագային կը հեռացուի ՀՀՀէն` ստանալով XF ցուցիչը: Եթէ ուսանողը դիտաւորեալ կամ գիտակցաբար օգնէ այլ ուսանողի մը, խախտելով նշուած կարգապահական օրէնքներէն որեւէ մէկը, ապա, կը ստանայ համապատասխան նկատողութիւն: Կրնաք խորհրդակցիլ Ձեր օնլայն ուսուցիչին հետ, եթէ որեւէ խախտում նկատէք կարգապահական օրէնքներուն մէջ:

Ուշ Արձանագրուելու, Դասընթացքէն Հրաժարելու Եւ Մասնակցութիւնը Ընդհատելու Կարգը

ՀՀՀի ուսումնական շրջանին արձանագրուելու ժամանակամիջոցը սահմանափակ է։ Այդ շրջանին, ցանկացողները, կրնան մէկ, կամ, քանի մը դասընթացքներու մասնակցութեան յայտ ներկայացնել:

Ուշացած Արձանագրութիւն

Ուշացած կը համարուի այն արձանագրութիւնը, որ կը կատարուի ուսումնական շրջանը սկսելէն 2 շաբաթ յետոյ:Այս յայտը կ' ընդունուի միայն այն պարագային, երբ տուեալ դասարանի ուսանողներու թիւը կը ներէ եւ կարելի է նոր ուսանող ընդգրկել դասարանէն ներս: Բոլոր դիմումները կրնաք ներկայացնել Արձանագրութեան Գրասենեակ, հետեւեալ հասցէին` registrar@avc-agbu.org: Եթէ արձանագրուիք, ապա պէտք է կատարէք նախորդ շաբթուան բոլոր առաջադրանքները` հետեւելով օն-լայն ուսուցիչին կողմէ նշուած դասացուցակին:

Դասընթացքէն Հրաժարիլ

Ուսանողը կրնայ հրաժարիլ դասընթացքներէն որեւէ մէկէն, եթէ, միաժամանակ, մասնակցած է քանի մը դասընթացքներու։ Ան իրաւունք ունի դասընթացքէն հրաժարելու 0 շաբթուան եւ1-ին շաբթուան ընթացքին: Բոլոր դիմումները կրնաք ուղարկել Արձանագրութեան Գրասենեակ, հետեւեալ հասցէին՝ registrar@avc-agbu.org: Մինչեւ 2-րդ շաբթուան սկիզբը, դասընթացքէն հրաժարելու բոլոր յայտերը կ'ընդունուին եւ կը փոխհատուցուի ուսման վճարումին 80%-ը:

Մասնակցութիւնը Ընդհատել

Մասնակցութիւնը ընդհատուած կը համարուի, եթէ ուսանողը.

  • Կը մասնակցի մէկէ աւելի դասընթացքներու եւ կը հրաժարի այն ժամանակ, երբ դասընթացքէն հրաժարելու ժամկէտը վերջացած է:
  • Կը մասնակցի միայն մէկ դասընթացքի եւ կը փափաքի ուսումնական շրջանի ընթացքին ընդհատել իր մասնակցութիւնը:

Ուսման վճարումի փոխհատուցումը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով.

Օրացոյց Փոխհատուցում %
Շաբաթ 0-էն մինչեւ Շաբաթ 1-ը1 Կը փոխհատուցուի ուսման վճարումի 80%-ը
Շաբաթ 2-ի ժամանակ Կը փոխհատուցուի ուսման վճարումի 50%-ը
Շաբաթ 3-էն վերջ Փոխհատուցում չի կատարուիր

Ուսանողի Կարգավիճակի Փոփոխութիւնը

ւսանողը կրնայ փոխել իր ուսմնառութեան կարգավիճակը` մասնակից ուսանողի կարգավիճակէն անցնիլ ունկնդիր ուսանողի կարգավիճակին, կամ հակառակը: Ուսանողը իր կարգավիճակը փոխելու դիմումը կրնայ ներկայացնել 3-րդ շաբաթէն առաջ: Ուսման վճարումը անփոփոխ կը մնայ այն ուսանողներուն համար, որոնք մասնակից ուսանողի կարգավիճակէն կ՚անցնին ունկնդիր ուսանողի կարգավիճակին, բայց, հակառակ պարագային, վճարումը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Կարգավիճակի փոփոխութեան վերաբերեալ դիմումները կրնաք ուղարկել Արձանագրութեան Գրասենեակ, հետեւեալ հասցէին՝ registrar@avc-agbu.org:

Հեռացման Պատճառները

Ուսանողը պէտք է աշխուժօրէն մասնակցի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Օնլայն ուսուցիչը իրաւունք ունի ուսանողին հեռացնելու`

  • Անհրաժեշտ մասնակցութիւնը չցուցաբերելու եւ պարտականութիւնը չկատարելու պարագային։
  • ՀՀՀ-ի ակադեմական կարգապահական օրէնքները խախտելու պարագային:

Ծանօթագրութիւն. Բանաւոր պատճառներով, դասընթացքներէն բացակայելու պարագային, ուսանողը պէտք է, որ անմիջապէս տեղեկացնէ իր օն-լայն ուսուցիչին, այլապէս ժամանկաւորապէս կը դադրի դասընթացքի մասնակցութիւնը։

Կրթութեան Արդիւնաւէտութեան Գնահատում

Կրթութեան Արդիւնաւէտութեան Գնահատում

ՀՀՀ-ի ուսուցումը հիմնուած է օնլայն ուսուցման սկզբունքի վրայ։ Կրթական եւ վարչական ռազմավարութիւնը ձեւաւորուած է նկատի ունենալով՝ ուսանողներուն պահանջքները, հարցադրումները եւ փորձառութիւնը։

Այս մօտեցման մէջ կայ երկու կարեւոր սկզբունք.

  1. Ուսուցման բարձր որակ, որուն չափանիշներն են.

         - Դասընթացքներու բովանդակութիւնը

         - Ճարտարագիտութեան արդիւնաւէտ կիրառումը

        - Մանկավարժական մօտեցումը

   2. Կրթութեան բարձր որակ, այսինքն՝

         - Բարձր գիտելիքներու տրամադրում՝ ուսումնական ծրագիրի եւ առարկաներու      համաձայն

         - Ծրագիրի նպատակներու եւ ուսման արդիւնքներու համապատասխանեցում

Ծանօթագրութիւն. Ուսուցման գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու միտումով ՀՀՀ-ի հեռավար դասախօսը կրնայ ձայնագրել/տեսագրել եւ դասընթացքի էջին տեղադրել առցանց դասի գործնական հանդիպումները:

Please refer to Program Offerings for more details.