login
Ընկերա-Մշակութային Ձեռնարկներ
Գլխաւոր շրջայց
Հայաստանի ամառնային փառատօները
Հայաստանի մէջ գրեթէ ամէն շաբաթ տարբեր ձեռնարկներ տեղի կ'ունենան, յատկապէս՝ ամրան: Տօնակատարութիւններով, աւանդութիւններով յագեցած փառատօները առիթ կը հանդիսանան ուսումնասիրելու հայկական ճոխ եւ հարուստ մշակոյթը: Այս ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել այդ փառատօներէն քանի մը հատը:

ՀՀՀ-ի ուսանողները, աշխարհի ո'ր ծայրն ալ գտնուին, կրնան մասնակցիլ առցանց շրջագայութիւններուն եւ ընկերա-մշակութային ձեռնարկներուն։ Այդպիսի ձեռնարկներէն կարելի է նշել Հայաստանի թանգարաններու առցանց այցելութիւնը, շրջագայութիւնը՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ հայ ազգային տօներու յիշատակումը։ Միջոցառումներուն մասնակից ուսանողներուն կը թուի, թէ իրենք նոյն լսարանի մէջ են: Այս երեւոյթը կը նպաստէ ուսանողներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու զարգացման: Իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի համար երկու եւ աւելի ընկերա-մշակութային ձեռնարկ նախատեսուած է: