login
Ել. գիրքեր

Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը ներկայացնէ բազմաբնոյթ հարթակի վրայ ստեղծուած ել. գիրքեր, որոնք ընդամէնը մէկ սեղմումով հասանելի կը դառնան web-browser-ներու եւ tablet-ներու միջոցով: Ել. գիրքերը կը ներկայացնեն Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, զբօսաշրջութիւնը, տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ այլ նիւթեր:

Ել. գիրքերը ներկայացուած են այնպիսի լեզուով ու ոճով, որ հետաքրքրական եւ շահեկան կը դառնան ընթերցողներու լայն լսարանին: Բազմաբնոյթ միջոցներ, լուսանկարներ եւ տեսահոլովակներ աւելի գրաւիչ կը դարձնեն ելեկտրոնային գիրքերը: Ընթերցողները կրնան հետեւիլ իրադարձութիւններու ժամանակագրութեանը եւ գիտելիքներ քաղել տեղեկատուական հարուստ շտեմարանէն, որ յատկապէս մշակուած է ել. գիրքերու համար։  

 

Կրնաք անվճար ներբեռնել. տրամադրուած է 7 լեզուներով:

Հայկական Բարձրաւանդակ e_book play_colored Տեսանիւթ
ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆՔ ԵՐԵՒԱՆԸ , ՔԱՂԱՔԻ ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ e_book play_colored Տեսանիւթ
Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան e_book play_colored Տեսանիւթ
Վայոց Ձոր e_book play_colored Տեսանիւթ
Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի e_book play_colored Տեսանիւթ

ՀԻՄԱ ՈՒՆԻՆՔ
38,027
դիտում/ներբեռնում

ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Մեր ուսանողները եւ շրջանաւարտները՝ իրենց փորձառութեան մասին:
Ծովինար Սարգսեան Հիպրիթ ծրագիրի դասախօս, ՀԴՀ, Տոնի Ռոսթով, Ռուսիա

ՀՀՀ-ի հետ աշխատիլը հաճելի է. որպէս ուսուցման տարբերակ առցանց լեզուի դասընթացքը կ'օգտագործեմ:

Դասընթացքի բովանդակութիւնն ու ոճը  ամբողջովին կը բաւարարեն տարիքային տարբեր խումբերու պահանջքը: Դասընթացքին օգտագործուող ել. ուսուցման տարբեր միջոցներու շնորհիւ դասերը աւելի մատչելի են ու հետաքրքրական:

Հալի Պութուին Smithsonian հաստատութիւն, ԱՄՆ

«Վայոց ձոր» ել. գիրքի շնորհիւ պատմական, մշակութային եւ տարբեր տեղեկութիւններու մեծ շտեմարան մը, մատչելի ձեւաչափով, արդէն բոլորին հասանելի է: Յաջորդ անգամ, երբ Հայաստան այցելեմ, անպայման պիտի օգտագործեմ ել. այս գիրքը, որպէսզի Վայոց Ձորի անյայտ վայրերը ինքնուրոյն շրջելու կարելիութիւնը ունենամ։

Ռիքարտօ  Թորես ՀՀՀ –ի ուսանող, Արժանթին

Ես հայ չեմ: Սպանական եւ իտալական ծագում ունիմ, բայց քանի մը անգամ Հայաստան այցելած եմ: Արեւմտահայերէն կը սորվիմ:  Մասնագիտացուած, կազմակերպուած հաստատութիւն մը ըլլալուն  եւ հայերէնը առցանց սորվելու շատ լաւ հնարաւորութիւն  մը ըլլալուն համար, մեծ ուրախութեամբ կ'առաջարկեմ, որ հետեւիք ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:

Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ ՀՀՀ-ի ուսանող, ֆրանսա

Այս ծրագիրը յատկապէս օգտակար է շատ զբաղած մարդոց եւ կրթական աւանդական կեդրոններէն՝ դպրոցներէ ու համալսարաններէ հեռու ապրող մարդոց համար: Առաւել, բոլոր անոնք, որոնք չեն կրնար ամէն օր շատ ժամանակ տրամադրել, կրնան ընտրել ուսման երկարատեւ ընթացքը:

Ճէնիս Օքումեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Ես հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ հայերէնին տիրապետել եւ աշխարհը տեսնել նոր, տարբեր անկիւնէ։ Առաւել, կ՚ուզեմ սորվիլ այն լեզուն, որով խօսած են իմ մեծ հայրերս եւ հիմա, հայերէն նոր բառեր, արտայայտութիւններ եւ նախադասութիւններ սորվելով կարծես թէ աւելի կը մօտենամ մեծ հայրերուս։

Ժոզէֆ Սիրեն ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը ինծի համար փրկութիւն մըն է, քանի որ հայերէն սորվելու միջոցները քիչ են։ ՀՀՀ-ը առիթ տուաւ, որ հայերէն սորվիմ այնպիսի ուսուցիչի մը օգնութեամբ, որուն համար հայերէնը իր մայրենի լեզուն է

Նիմա Սատաթ-Թեհրանի ՀՀՀ-ի ուսանող, Թորոնթօ, Գանատա

Ամբողջովին կը յանձնարարեմ հետեւիլ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) դասընթացքներուն բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն ունին այս գեղեցիկ լեզուի հանդէպ:  Արդէն մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ  հայերէն կը սորվիմ հետեւելով ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն: Կրթական բարձր մակարդակը խիստ գնահատելի է:  Խորին շնորհակալութիւն իմ հրաշալի ուսուցչուհիներուս՝ Մարինային եւ Մանէին։

Արամ Շրեստինեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀՀՀ-ը հայերէն սորվելու եւ հայկական արժէքները բացայայտելու լաւագոյն միջոցն է: Այս դասընթացքներու շնորհիւ ես կրնամ զրուցել Հայաստան ապրող իմ խնամիներուս հետ: Մանէն եւ Մարինան շատ լաւ ուսուցչուհիներ են. անոնք շատ լաւ մարդիկ են: Փափաքս է ուսումս շարունակել, լեզուի գիտելիքներս զարգացնել եւ հայ ազգին օգտակար դառնալ:

Էրիք Գրիգորեան ՀՀՀ-ի ուսանող Վրաստան

ՀՀՀ-ը հիանալի միջոց մըն է հայերէն լեզուն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Հիմա ես հպարտօրէն կը յայտարարեմ, որ հայ եմ, քանի որ կրնամ կարդալ, գրել եւ խօսիլ իմ մայրենի լեզուով

Մայք Քանինկհէմ ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը փոխեց իմ կեանքիս ընթացքը:  Եթէ կը փափաքիք սորվիլ եւ հանդիպիլ աշխարհի լաւագոյն հեռավար ուսուցիչներուն՝  անպայման հետեւեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին. վստահ եմ, որ շատ գոհ պիտի ըլլաք:

Վիէօլէթ Խաչատուրեան Արարատ հայկական դպրոցի տնօրէն, Թորոնթօ, Գանատա

Ես շատ սիրեցի ձեր ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած է: Նախ շատ յարմար եւ դիւրին է օգտագործողի համար, ապա պատկերներն ու վարժութիւնները շատ հրապուրիչ են՝ երեխաներու համար: Ծրագիրի բառապաշարն ու երկխօսութիւնները իսկապէս կ'օգնեն, որ աշակերտները սորվին եւ զարգացնեն հայերէն խօսելու ունակութիւնը: Ուսուցիչները, երեխաները եւ ես շատ գոհ ենք ՀՀՀ-էն:


Տեսնել աւելին

43,168
Առցանց կրթութիւն
Հայագիտական գիտելիքներ ձեռք ձեցէք եւ հետեւեցէք ՀՀՀ-ի անհատական դասընթացքին:
Տեսնել աւելին
67
Հիպրիթ դպրոցներ
Միացէ՛ք հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին եւ աւանդական ուսուցումը հարստացուցէ՛ք արդի ոճերով։
Տեսնել աւելին