login
Ուեպինարներու Շարք

Ուեպինարներու շարքի միջոցով կրնաք շրջանցել աշխարհագրական սահմաններն ու ժամային գօտիները եւ առցանց մասնակցիլ տարբեր սեմինարներու, գիտաժողովներու, համաժողովներու, որոնք կը ներկայացնեն նորագոյն հետազօտութիւնները, խթանելով՝ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի քննարկումները։

ՀՀՀ-ի Webinar-Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած
ՀՀՀ-ի կազմակերպութեամբ եռամաս webinar - պատմաբան, UCLA-ի փրոֆէսոր, դոկտ. Ռ. Յովհաննիսեանի հետ։
Աւելին courses_arrow
Հայոց Ցեղասպանութեան Սկզբնաւորումը Ճակատագրական Տարիներ, 1912-15
Միջազգային գիտաժողովի ուղիղ եթեր, կազմակերպութեամբ Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Պերքլի։
Աւելին courses_arrow
ՀԿԱ Աշխատանիստերու շարք 2022
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած առցանց աշխատանիստերու շարք, նուիրուած հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութեան:
Աւելին courses_arrow
Հայերէնի դասաւանդման հարցեր
Հայերէնի դասաւանդման հարցերուն նուիրուած յատուկ հանդիպում – զրոյց՝ բանասէր, ազգագրագէտ, հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ մանկավարժ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հետ:
Աւելին courses_arrow
«Պալեաններ. Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեաններու արխիւը»
Առցանց ձեռնարկ նուիրուած Պալեաններուն: Պալեաններու ընտանիքէն երեք սերունդ ձեւաւորած են Օսմանեան կայսրութեան ճարտարապետութեան ոճը:  Պուքէ Ուրաս կը ներկայացնէ Պալեաններու ունեցած ազդեցութիւնը Օսմանեան շրջանի ճարտարապետութեան վրայ: Ձեռնարկը կազմակերպուած է UCLA-ի Promise Armenian Institute-ի («Խոստում») եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեամբ: 
Աւելին courses_arrow
ՀԿԱ Աշխատանիստերու շարք 2023
Երկու տարիէ տեղի կ'ունենան առցանց աշխատանիստեր՝ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան համագործակցութեամբ: 
Աւելին courses_arrow
Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւն
2023-ի աշնան, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ ծրագիրի միջոցով կազմակերպեց առցանց աշխատանիստեր նուիրուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան: Մշակութաբան, միջազգային մշակութային ժառանգութեան մասնագէտ Արմինէ Տիգրանեանը ներկայացուց Արցախի հարուստ մշակոյթը եւ այդ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը:
Աւելին courses_arrow