Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ի դասընթացքները հասանելի են Windows, Macintosh, and Unix հարթակներուն:
Նախընտրելի է արագ կապը: Դանդաղ կապի պարագային կարելի է տեսնել բոլոր նիւթերը, սակայն ներբեռնումը երկար ժամանակ պիտի պահանջէ:
ՀՀՀ-ի դասընթացքները հասանելի են հետեւեալ browser-ներով. Internet Explorer, Firefox, Safari, Google Chrome:
Ուշադրութիւն. պէտք է ներբեռնել նշուած browser-ներու թարմացուած տարբերակը:
Ծրագրային բաց համակարգերը արագ զարգացման մէջ են, միշտ նոր browser-ներ կրնան յայտնուիլ: Այդ browser-ներով ալ կարելի է մեր դասընթացքները տեսնել: Թէեւ չենք կրնար ապահովել իւրաքանչիւր ծրագրային համակարգի թեքնիք աջակցութիւնը, բայց շնորհակալ կ'ըլլանք, եթէ յայտնուող դժուարութիւններն ու բարդութիւնները ընթացքին մեզ տեղեակ պահէք:
Ինչպէ՞ս ներբեռնել հայերէնի տառատեսակները.
• Windows 7
• Windows 8
• Windows 10
• MAC OS
• iOS(iPad)
• iPhone
• Android smartphone
Հայերէն տառերը ներբեռնելու եւ տեսնելու համար.
Հիմա կրնաք հայերէն գրել եւ կարդալ:
Հայերէն տառերը ներբեռնելու եւ տեսնելու համար.
Հիմա կրնաք հայերէն գրել եւ կարդալ:
Սեղմեցէ՛ք Start→ Settings→Ease of Access→ Keyboard եւ ընտրեցէ՛ք Use the On-Screen Keyboard: Պաստառի վրայ ստեղնաշարը կը յայտնուի: Արդէն կրնաք օգտագործել: Եթէ պաստառը բաց պահէք, ստեղնաշարն ալ բաց կը մնայ:
Հայերէն տառերը ներբեռնելու եւ տեսնելու համար.
Ծանօթագրութիւն
Ընտրեցէ՛ք Add a language, ապա Armenian: Լեզուն կ՚աւելնայ լեզուներու ցանկին: Բայց, ներբեռնելու համար պէտքէ է մկնիկով երկու անգամ սեղմել language-ի վրայ եւ ընտրել Download and install language pack հրահանգը։ Եթէ համցանցային կապը արագ է, ներբեռնումը շատ արագ կ'ըլլայ:
Ձեր համակարգիչի էջին վարի աջ անկիւնը հայերէն ստեղնաշարի պատկերը (icon) կը տեսնէք: Սեղմեցէ՛ք icon -ին վրայ եւ Armenian ընտրեցէ՛ք: Հիմա կրնաք հայերէն գրել եւ կարդալ:
1. Ընտրեցէ՛ք Control Panel:
2. Ընտրեցէ՛ք Change input methods:
3. Սեղմեցէ՛ք Options, Language options բանալու համար:
4. Սեղմեցէ՛ք Add մուտքագելու մեթոտը:
5. Սեղմեցէ՛ք ցանկի որեւէ ստեղնաշարի աջ կողմի Preview-ն:
Հայերէն տառատեսակները ներբեռնելու եւ տեղադրելու համար.
Եթէ հայերէնը Languages-ի ցանկի մէջ չկայ.
Հիմա կրնաք սեղմել դրօշակը եւ ցանկէն ընտրել հայերէն ստեղնաշարը:
Հայերէն դասերը iPad-ով բանալու եւ առաջադրանքները կատարելու համար.
Հայերէնի դասերը պատրաստուած են Flash ծրագիրով եւ անոնք տեսնելու/բանալու համար անհրաժեշտ է ներբեռնել Puffin browser-ը: Puffin browser-ը կրնաք անվճար ներբեռնել Apple store-էն:Կրնաք գտնել Puffin Web Browser անունով։
MS Word ծրարներու հետ աշխատելու համար iPad-ի մէջ պէտք է տեղադրել Pages յաւելուածը: Այս յաւելուածը կրնաք անվճար ներբեռնել Apple store-էն։
Աւելցուցէ՛ք լեզուն iPhone, iPad, or iPod –ի վրայ.
1. Բացէ՛ք կարգաւորումները: Պաստառի վրայ սեղմեցէ՛ք կարգաւորումներ:
2. Ընդհանուրը նշեցէ՛ք. յաջորդ պաստառի ընդհանուրը նշեցէ՛ք:
3. Ընտրեցէ՛ք լեզուն եւ տարածաշրջանը:
4. Նշեցէ՛ք Device language: Յաջորդ պաստառին նշեցէ՛ք [Device] Language:
5. Ընտրեցէ՛ք լեզուն:
Հաստատեցէ՛ք ընտրութիւնը:
Android –ի կարգաւորումներով Gboard –ին լեզու աւելցնել.
1. Android հեռաձայնի կամ tablet-ի վրայ կարգաւորումներու յաւելուածը բացէ՛ք:
2. Ընտրեցէ՛ք Languages & input:
3. Ստեղնաշար բաժինէն ընտրեցէ՛ք Virtual keyboard:
4. Ընտրեցէ՛ք Gboard, լեզուներ:
5. Լեզու մը ընտրեցէ՛ք:
6. Ընտրեցէ՛ք դասաւորութիւնը:
7. Հաստատեցէ՛ք ընտրութիւնը:
Տեսահաղորդակցութիւնը անհրաժեշտ է հեռավար ուսուցիչի եւ ուսանողներու միջեւ անմիջական հաղորդակցութեան եւ բանաւոր քննութեան համար: Ուսանողները կրնան տեսահաղորդակցութեան միանալ browser-ի միջոցով: Ուսանողները, իրենց համակարգիչներուն մէջ Java ծրագիրը պէտք է ունենան, որպէսզի մասնակցին հանդիպումներուն: Եթէ համակարգիչի մէջ Java չկայ, պաստառին վրայ կը գտնէք յղում մը, որ կրնաք ներբեռնել:
Որոշ դասերու պարտականութիւնները պէտք է որ ձայնագրուած ղրկէք: Խորհուրդ կու տանք ձայնագրութեան համար անվճար այս ծրագիրը օգտագործէք.
Windows 7-ով ձայնագրութիւն կատարելու համար հետեւեցէ՛ք այս քայլերուն. Start -> All programs -> Accessories -> Sound Recorder:
Մկնիկի աջ կոճակով սեղմեցէ՛ք պաստառը եւ ընտրեցէ՛ք All Apps:
Հիմա Windows Accessories-էն ընտրեցէ՛ք Sound Recorder –ը:
Voice Recorder-ը դաս եւ զրոյց ձայնագրելու յաւելուած է: Սեղմեցէ՛ք Record (1) եւ ձայնագրելու ատեն կարեւոր պահերը շեշտելու համար նշան (3) աւելցուցէ՛ք (2): Յետոյ Documents > Sound recordings կը գտնէ՛ք (5), ձայնագրութիւնը նոր անունով կրնաք պահել (7) կամ կիսել ուրիշներու հետ(4): Ձայնագրութիւնը ջնջելու համար ընտրեցէ՛ք աղբարկղի պատկերանշանը (6) կամ այլ տարբերակներու համար ընտրեցէ՛ք երեք կէտերը (8):
Ձայնագրութեան համար Voice Memos յաւելուածը գործածեցէ՛ք: Ընտրեցէ՛ք File->Srart New Recording: Mac-ով ձայնագրելու համար բարձրախօս եւ ականջակալ գործածեցէ՛ք:
Voice Memos յաւելուածով կրնաք ձայնագրել ձեր դասերը, զրոյցները եւ գրառումները: Ձայնագրութիւնը կրնաք փոխել կամ կրճատել: Ձայնագրելու համար բարձրախօս եւ ականջակալ գործածեցէ՛ք:
Ձայնագրելու համար սեղմեցէ՛ք tools ապա ձայնագրութեան պատկերանշանը:
Որեւէ հարցի պարագային, դիմեցէ´ք ՀՀՀ ՏՏ Աջակցութեան Կեդրոն հետեւեալ հասցէին` itsupport@avc-agbu.org: