Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ի գործունէութեան կամ առցանց դասընթացքի վերաբերեալ եթէ հարցումներ ունիք, կրնաք կապ հաստատել հեռավար ուսուցիչներու հետ՝ Երկուշաբթի – Ուրբաթ օրերը, ըստ ստորեւ նշուած ժամանակացոյցին (Երեւանի ժամով/GMT + 4).
Գոհար Գէորգեան (սպաներէն/ռուսերէն)
gohar.gevorgyan@avc-agbu.org gohar.gevorgyan.avc
11:00 a.m. - 12:00 p.m.
4:00 p.m. - 5:00 p.m.
Զեփիւռ Խպլիկեան (արեւմտահայերէն/արեւելահայերէն)
zepur.kheblikian@avc-agbu.org zepur.kheblikian.avc
11:00 a.m. - 12:00 p.m.
4:00 p.m. - 5:00 p.m.
Ովսաննա Ճորոխեան (ֆրանսերէն/արեւելահայերէն)
ovsanna.tshorokhyan@avc-agbu.org ovsanna.tshorokhyan.avc
12:00 p.m. - 1:00 p.m.
4:00 p.m. - 5:00 p.m.
Մարինա Խաչատուրեան (անգլերէն/արեւելահայերէն)
marina.khachaturyan@avc-agbu.org marina.khachaturyan.avc
9:00 a.m. - 10:00 a.m.
5:00 p.m. - 6:00 p.m.
Անի Տեկիրմէնճեան (անգլերէն/թրքերէն)
ani.dekirmenchyan@avc-agbu.org ani.dekirmenchyan.avc
9:00 a.m. - 10:00 a.m.
4:00 p.m. - 5:00 p.m.
Մանե Ադամեան (անգլերէն, արեւելահայերէն)
mane.adamyan@avc-agbu.org live:.cid.e08284512b39a348
9:00 a.m. - 10:00 a.m.
4:00 p.m. - 5:00 p.m.
ՀՀՀ-ի դասընթացքները iPad-ով կամ բջիջային հեռաձայնով հասանելի են browser ծրագիրի օգնութեամբ: Browser ծրագիրը կրնաք ձեռք բերել Google Play –էն եւ Apple Store-էն: Յաւելեալ տեղեկութիւնները կրնաք տեսնել «Թեքնիք պահանջքներ» ու մէջ:
Թեքնիք հարցերու պարագային կրնաք այցելել «Թեքնիք պահանջքներ» էջը կամ կապ հաստատել ՏՏ աջակցման կեդրոնին հետ՝ ITsupport@avc-agbu.org ։
Արձանագրուելու համար հետեւեցէ՛ք նշուած քայլերուն, կամ դիտեցէ՛ք «Ինչպէ՞ս կրնամ արձանագրուիլ» տեսանիւթը:
Եթէ մոռացած էք ծածկագիրը, սեղմեցէ՛ք «ՄՈՒՏՔ» ապա «Մոռացա՞ծ էք ծածկագիրը» եւ հրահանգներուն հետեւեցէ՛ք:
ՀՀՀ-ի ուսանողները ամէն շաբաթ նոր նիւթ կը սորվին՝ մուլթիմետիա մեթոտով (բնագիրի լսողա-տեսողական միջոցներ) եւ պարբերաբար կը հաղորդակցին հեռավար ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ: Շաբաթական դասերէն բացի, կան խաղեր, յանձնարարութիւններ, միջանկեալ եւ աւարտական քննութիւններ, դասընթացքի օրացոյցներ եւ դասընթացքի նկարագրութիւններ: Իսկ քննարկումները, ֆորումները, ել. նամակները, տարբեր միջոցներով ( audio/video) հաղորդակցութիւնը առիթ կու տան, որ ուսանողները աւելի լաւ կապեր հաստատեն հեռավար ուսուցիչին եւ աշխարհասփիւռ հայերուն հետ:
Մուլթիմետիա դասընթացքներուն հեղինակները Հայաստանի մէջ յայտնի մասնագէտներ են, որոնք վերապատրաստուած են առցանց կրթութեան միջազգային համբաւ ունեցող մանկավարժ մասնագէտներու կողմէ։ Դասաւանդողները՝ հեռավար ուսուցիչները, իրենց ցուցմունքներով ուսանողներուն կ'օգնեն, քննարկումներ կը վարեն, ուսանողներուն հարցումներուն կը պատասխանեն, պարտականութիւնները եւ քննութիւնները կը սրբագրեն ու կը գնահատեն:
Մասնակից ուսանող/ունկնդիր ուսանող - Հեռավար ուսուցիչին տրամադրած դասացուցակին ու ցուցումնքերուն հետեւելէ եւ դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, մասնակից ուսանողը իւրաքանչիւր դասընթացքի համար 5 վարկանիշ կը ստանայ։ Ըստ իւրաքանչիւր դասընթացքի ծաւալին, դասը սորվելու համար մասնակից ուսանողէն կը պահանջուի տրամադրել շաբաթական 5-8 ժամ:
Ունկնդիր ուսանողը մասնակից ուսանողի պէս, դասընթացքի նոյն դասացուցակը կ՚ունենայ եւ տեսահաղորդակցութիւններուն կը մասնակցի ։ Խմբային աշխատանքներուն մասնակցիլը խրախուսելի է, բայց քննութիւն յանձնելու պարտաւորութիւնը չունի:
Ազատ ծրագիրի հետեւող ուսանող (Asynchronous Self-Study Program ) –Ազատ ծրագիրի ուսանողը կրնայ մասնակից կամ ունկնդիր ըլլալ: Արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Այս ծրագիրին հետեւող ուսանողները վարկանիշ ստանալու համար պէտք է յանձնեն միջանկեալ եւ աւարտական քննութիւնները։
Յատուկ պայմաններ չկան։ Դասընթացքին կրնան մասնակցիլ անոնք որոնք հետաքրքրուած են հայագիտական կրթութեամբ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տե՛ս « Առցանց կրթութիւն» եւ «Ծրագրային առաջարկներ» բաժինները:
Հիպրիթ դասարանի ուսանողը ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին կը մասնակցի, ՀՀՀ-ի եւ դպրոցի/համայնքի պատասխանատուներուն միջեւ ստորագրուած փոխհամաձայնութենէն ետք: Դպրոցի ուսուցիչի ղեկավարութեամբ ուսանողը կը հետեւի դասերուն, ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչի եւ այլ հիպրիթ դասարաններու հետ առցանց ձեռնարկներու կը մասնակցի: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տե՛ս «Հիպրիթ կրթութիւն» բաժինը: Ծրագիրին մասնակցելու համար կրնաք դիմել՝ hybrideducation@avc-agbu.org :