Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կ՚ապահովէ անհատական տուեալներու անվտանգութիւնը: Այսինքն, արձանագրուելէ եւ մեր դասընթացքներուն հետեւելէ ետք, ՀՀՀ-ը անմիջապէս կը պահպանէ անհատական տուեալները։ ՀՀՀ-ը այս կայքի մէջ ամփոփուած անձնական տուեալներու պահպանման եւ օգտագործման վերահասու միակ կազմակերպութիւնն է: Ձեր անձնական տուեալները չեն վաճառոուիր եւ կամ ուրիշ անձերու չեն փոխանցուիր։ Այս քաղաքականութիւնը կը վերաբերի բոլոր տեղեկութիւններուն (online/offline) , ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային, գրաւոր կամ բանաւոր հաղորդակցութիւններուն:
Այս քաղաքականութիւնը ժամանակ առ ժամանակ կրնայ փոխուիլ:
Մենք կ՚ապահովենք Ձեր գործարքներու անվտանգութիւնը, կը պահպանենք credit card-ի տուեալները, կիրառելով արդի մօտեցումները։ Կ՚օգտագործենք բարձրորակ ծածկագրում եւ անվտանգ https արձանագրութիւն (protocol) ՝ Ձեր browser-ի ծրագրակազմին միանալը եւ մեզի տրամադրուած credit card –ի տուեալները պաշտպանելու համար: Մենք կը դիմենք անվտանգութեան տարբեր միջոցներու՝ Ձեր անձնական տուեալները պաշտպանելու եւ ոչ իրաւասու անձերու կողմէ անոնց օգտագործումը արգիլելու համար (կազմակերպութենէն ներս եւ դուրս)։ ՀՀՀ-ի web server-ները տեղադրուած են փակ եւ անվտանգ միջավայրի մէջ, իսկ համակարգչային համակարգերը կը պահպանուին տուեալներու անվտանգութեան չափանիշներուն համապատասխան: Ամէն պարագայի, զգուշացնենք, որ համացանցի վրայ չկայ «կատարեալ անվտանգութիւն» եւ կարելի է անօրէն մուտք գործել անձնական գործարքներու եւ հաղորդագրութիւններու դաշտ:
Ձեր համաձայնութիւնը ստանալէ ետք, անձնական տուեալները կը հաւաքենք ու կ՚ամփոփենք, մեր կայքէն ներս Ձեր պահանջած ծառայութիւնները մատուցելու համար: Անոնք չեն օգտագործուիր որեւէ այլ նպատակով, ուրիշին չեն փոխանցուիր։
Ձեր արձանագրուելէն ետք մենք կը պահպանենք հետեւեալ տուեալները՝ Ձեր անունը, մականունը, ել. հասցէն, բնակութեան երկրի եւ քաղաքի անունը։ Ձեր անունը եւ ել. հասցէն cookies-ի մէջ եւս կը պահպանուի։ Նպատակը Ձեր աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելն է, այլապէս, յաջորդ անգամ երբ կայք մուտք գործէք, ստիպուած Ձեր տուեալները կրկին պիտի լրացնէք։ Եթէ չջնջենք՝ այդ cookies-ը Ձեր համակարգչի մէջ կը պահպանուին։
Անհրաժեշտութեան պարագային իրաւունք ունինք դադրեցնելու ձեր արձանագրութիւնը:
Մեր կայքը կը կիրառէ Google Analytics-ը: Այս website –ի միջոցով կայք յաճախողներու տուեալները կը հաւաքուին ԱՄՆ տեղակայուած Google server։ Պարբերաբար կը վերլուծենք այդ տուեալները եւ կը բարելաւենք մեր կայքի օգտագործումը: Այդ տուեալները կը ներառեն՝ կայքը օգտագործողի ID-ն (սահմանուած Google Analytics-ի կողմէ), այցի ամսաթիւը եւ ժամը, հարցման բովանդակութիւնը, website –ի URL-ը, էջի URL-ը, որ դիտուած է ընթացիկ էջէն առաջ, համակարգիչի պաստառի resolution-ը, ժամը՝ ըստ տեղական ժամային գօտիի, բացուած եւ ներբեռնուած file-երը, բացուած յղումները, սարքի տեսակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանը, երկիրը եւ քաղաքը:
Եթէ չէք ուզեր, որ Ձեր տուեալները վերահսկուին եւ վերլուծուին Google Analytics-ի կողմէ, կրնաք Ձեր browser-ի մէջ բանեցնել «Do Not Track» հրահանգը:
Մեր կայքի մէջ հաշիւ (account) ունենալէ յետոյ Ձեր ել. հասցէն ինքնաբերաբար կ՚աւելնայ ՀՀՀ-ի ել. հասցէներու ցանկին: Ձեր ել. հասցէն ՀՀՀ-ի ել. հասցէներու ցանկին կրնաք աւելցնել՝ կայքի միջոցով («Կապ մեզ հետ») կամ ՀՀՀ-ի աշխատակցին նամակ ղրկելով: Դուք կրնաք Ձեր ուզած ատեն չբաժանորդագրուիլ (unsubscribe)՝ մեր ղրկած ել. նամակներու վարի մասի Unsubscribe here յղումը սեղմելով:
ՀՀՀ-ը իր ընկերային ցանցերով կը տրամադրէ հարթակ՝ հաղորդակցելու, տեղեկութիւններ եւ միտքեր ներկայացնելու ու կիսելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը կանոններ, որոնք պէտք է կիրառուին՝ այդ ցանցերու միջոցով հաղորդակցելու ատեն.
ՀՀՀ-ի կայքը կը պարունակէ յղումներ (ժամանակաւոր եւ մշտական) դէպի այլ կայքեր: Այդ կայքերը մեր կողմէ վերահսկողութեան չեն ենթարկուիր եւ պատասխանատու չենք այդ կայքերու բովանդակութեան ու գաղտնիութեան քաղաքականութեանը։
Եթէ մեր կայքէն որեւէ տեղեկութիւն կ՚ուզէք հրապարակել, ապա դիմեցէք՝ info@avc-agbu.org
Այս կայքը cookies կ՚օգտագործէ: Շարունակելով կայքի հետ Ձեր աշխատանքը՝ Դուք կու տաք Ձեր համաձայնութիւնը, որ ՀՀՀ-ը cookies-ի միջոցով տուեալներ հաւաքէ եւ պահպանէ մեր կայքի մէջ՝ Ձեր գործունէութեան վերաբերեալ: Cookies- ները փոքր ֆայլեր են. անոնց մէջ գրառումներ կը պահպանուին։ Հաւաքուած տուեալները մեզ կ՚օգնեն բարելաւելու մեր կայքը եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու Ձեր աշխատանքը՝ ուսումնասիրելով կայք տեղադրուած յղումները, որոնումները:
ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն կրնան հետեւիլ նաեւ երեխաները։ Մենք կը խրախուսենք, որ ծնողները եւ իրենց զաւակները միասին հետեւին մեր դասընթացքներուն։
Մենք պարբերաբար վերատեսութեան կ՚ենթարկենք մեր ներքին քաղաքականութիւնը: Բոլոր փոփոխութիւնները եւ վերջին թարմացումները անմիջապէս կը կատարուին այս փաստաթուղթի մէջ:
Այս քաղաքականութեան վերաբերեալ եթէ հարցումներ ունիք, դիմեցէք՝
Կամ՝
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարան
Ալեք Մանուկեան 9
Երեւան 0070, Հայաստան