Երկու տարիէ տեղի կ'ունենան առցանց աշխատանիստեր՝ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան համագործակցութեամբ:
Այս աշխատանիստերու շարքը նախատեսուած է բանասիրական եւ հասարակական գիտութիւններուն հետեւող ուսանողներուն, ուսուցիչներուն եւ դասախօսներուն: Ծրագիրին նպատակն է ամրապնդել եւ զարգացնել հայագիտական ոլորտի գիտելիքները ու քննարկել մանկավարժութեան ու կրթութեան դիմագրաւող արդի խնդիրները: