ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած առցանց աշխատանիստերու շարք, նուիրուած հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութեան:
Այս աշխատանիստերու շարքը նախատեսուած է բանասիրական եւ հասարակական գիտութիւններուն հետեւող ուսանողներուն, ուսուցիչներուն եւ դասախօսներուն: Ծրագիրին նպատակն է ամրապնդել եւ զարգացնել հայագիտական ոլորտի գիտելիքները ու քննարկել մանկավարժութեան ու կրթութեան դիմագրաւող արդի խնդիրները: