Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Նանոր Թիւթիւնճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, բայց 2012-ին ստիպուած գաղթած եւ հաստատուած է ԱՄՆ: Հայկական ինքնութիւնը միշտ եղած է իր էութեան անբաժան մասը:
Յաճախած է ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը (Հալէպ), ուր մեծ թափ առած է իր սէրը հայոց լեզուի եւ հայկական մշակոյթի հանդէպ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի Դեղագիտական բաժինէն:
2023-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ հայկական Գաբայեան նախակրթարանէն ներս (ԱՄՆ), որպէս հինգերորդ կարգի հայոց լեզուի ուսուցչուհի: Ան հայոց լեզուն կը դասաւանդէ հաճելի ու հետաքրքրական մօտեցումով եւ կը հաւատայ, որ «Երբ լեզուն դասաւանդուի սիրով՝ կը դառնայ ինքնութիւն, ոչ թէ միայն առարկայ՝ դասանիւթ»:
Հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը բարձրացնելու, գիտելիքները ամրապնդելու եւ զարգացնելու միտումով կը հետեւի ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀԲԸՄ ՀՀՀ) առցանց դասընթացքներուն եւ մեծ յաջողութեամբ կ'աւարտէ Մագիստրոսական ծրագիրի «Լեզուաբանութիւն եւ միջմշակութային հաղորդակցութիւն» բաժինը:
Այս առթիւ, հարցազրոյց մը ունեցանք Նանոր Թիւթիւնճեանին հետ: Ան սիրով պատասխանեց մեր բոլոր հարցումներուն:
1- ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀԲԸՄ ՀՀՀ) մասին տեղեկութիւն ուրկէ՞ ստացած էք, ինչպէ՞ս որոշեցիք հետեւիլ ՀՀՀ-ի Մագիստրոսական ծրագիրին:
Հայերէն լեզուի մէջ աւելի խորունկ հմտութիւն ձեռք բերելու նպատակով որոշեցի շարունակել կրթութիւնս հայագիտական ոլորտին մէջ։ Տարբեր կայքերու միջոցով լայն ուսումնասիրութիւններ եւ փնտռտուքներ կատարելէ ետք, եկայ այն եզրակացութեան, որ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը ամենէն յարմար եւ համապատասխան ընտրութիւնն է, ինծի համար։ Ան ոչ միայն կը կիրարկէ ճարտարագիտութեան նորագոյն միջոցներ, այլ նաեւ կը մատուցէ մատչելի, ճկուն, արդի ծրագիրներ եւ դասաւանդման ուղեգիծ:
2- Ծրագիրին հետեւելու ընթացքին դժուարութիւններու հանդիպեցա՞ք: Եթէ հանդիպեցաք, ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք:
Ծրագիրին հետեւելու ընթացքին ընդհանրապէս դժուարութիւններու չեմ հանդիպած՝ փորձառու եւ նուիրեալ մասնագէտներու շնորհիւ:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Կրթական բաժինի տնօրէն Մարինէ Խաչատուրեանը, Արեւմտահայերէնի բաժինը համակարգող Զեփիւռ Խպլիկեանը եւ մագիստրոսական աւարտաճառի ղեկավար դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը մեծ ուշադրութեամբ կը լսէին բոլոր հարցումները եւ անմիջապէս, պարզ ու յստակ ձեւով կը պատասխանէին։ Այս հոգատար մօտեցումը ուսման ընթացքը դարձուց աւելի վստահելի, հանգիստ եւ ներշնչող։
3- Առցանց ծրագիրի միջոցով Մագիստրոսական կրթութիւն ստանալու ամենէն կարեւոր յատկութիւնը, առաւելութիւնը կրնա՞ք նշել:
Առցանց ծրագիրով մագիստրոսական կրթութիւն ստանալու կարեւոր յատկութիւններն են՝ ազատութիւնը, ճկուն մօտեցումը եւ յարմարաւէտութիւնը: Ծրագիրը շատ գործնական է. ուսումնառութեան ընթացքը կրնաս ազատօրէն տնօրինել եւ կարգաւորել ուսման յատկացուած ժամանակը՝ աշխատանքային ժամերուն եւ ընտանեկան պարտականութիւններուն հետ:
Այս ծրագիրը ունի մէկ այլ յատկութիւն. ուր որ գտնուիս, աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլաս, գիտելիքը քեզի կը հասնի։ Կարծես կամուրջ մըն է, որ քեզ կը միացնէ աշխարհին հետ, երազներուդ հետ։ Առաւել, կը զարգացնէ ինքնակարգապահութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը եւ ժամանակի արժեւորումը։ Առցանց մագիստրոսական ծրագիրը պարզապէս նպաստաւոր միջոց մը չէ, այլ երազներդ չյետաձգելու եւ կարողութիւններդ շարունակաբար զարգացնելու իսկական հնարաւորութիւն։
4- Ուրիշներու ալ խորհուրդ կու տա՞ք, որ հետեւին ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն. ինչո՞ւ:
Անշո՛ւշտ: ՀՀՀ-ի ծրագիրները կը շնորհեն զարգանալու, աճելու հնարաւորութիւն թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ անձնական մակարդակի վրայ։ Աւելին՝ առցանց ձեւաչափը կը դառնայ կամուրջ մը, որ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայ ուսանողները կը միացնէ մէկ մտաւոր համայնքի շուրջ։ Անոր համար կը հաւատամ, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրները արժանի են կատարեալ վստահութեան:
Նանոր Թիւթիւնճեանի աւարտաճառի տեսանիւթիւն (հատուածներ) հետեւելու համար այստեղ սեղմեցէ՛ք: