Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ուսանողներէն Լիւսան Պըչաքչին ծնած է Ատըեաման, Թուրքիա: Չորս տարեկանին ընտանեօք Պոլիս (Իսթանպուլ) փոխադրուած են, ուր արդէն աւելի քան յիսուն տարիէ բնակութիւն հաստատած են:
Լիւսանը հայկական վարժարան յաճախելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած: Իր ամբողջ կրթութիւնը ստացած է թրքական դպրոցներէ: Սթանպուլի Թէքնիքական համալսարանէն (Istanbul Technical University) շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, քսանչորս տարի Թուրքիոյ օդային ուղիներու ընկերութեան մէջ աշխատած է:
Լիւսանը կ'ըսէ. «Մեր տան մէջ ծնողքս Ատըեամանի բարբառով կը խօսէին: Մենք՝ ատըեամանցի ծնողներու զաւակներ, կը լսէինք այդ բարբառը, բայց... թրքերէն կը պատասխանէինք. հայերէն խօսելու սովորութիւնը չունէինք։ Տունէն դուրս, հաղորդակցութիւնը միայն թրքերէն էր. ամբողջովին «շրջապատուած էինք» թրքերէնով»։
Այսուամենայնիւ, Լիւսանը միշտ փափաքած է հայերէն սորվիլ:
1990-ականներուն հետեւած է Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի կազմակերպած հայերէնի դասընթացքներուն: Ան կ'ըսէ.« Ինծի համար մեծ բարեբախտութիւն էր, որ հայերէնի առաջին ուսուցիչս Զահրատն էր»: Յետագայ տարիներուն մասնակցած է նաեւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի դասընթացքներուն։
Պզտիկ տարիքէն գրականութեամբ զբաղած է։ Բանաստեղծութիւններու երկու գիրք ունի՝ «Խօսքերդ Մնացին Ինծի» (2001) եւ «Համր ու Ծանր» (2012): Բանաստեղծութիւններէն մաս մը թարգմանուած է հայերէնի եւ անգլերէնի։ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ է։ Տարբեր գրութիւնները, յօդուածները եւ հայերէնէ թրքերէնի կատարած թարգմանութիւնները տեղ գտած են թրքական մամուլի, ինչպէս նաեւ «Մարմարա» եւ «Ակօս» թերթերուն մէջ։
Թէեւ Լիւսանը հայկական դպրոց չէ յաճախած, բայց հպարտ է, որ իր երկու զաւակները հայկական կրթութիւն ստացած են. «Անոնք ինը տարի մեր թաղի հայկական դպրոցը յաճախեցին: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ հայկական կրթութիւն ստացան»:
2021-ին, երբ ընկերոջ մը շնորհիւ կը ծանօթանայ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի գործունէութեան (ՀՀՀ), անմիջապէս կ'արձանագրուի ու կը հետեւի Արեւմտահայերէնի միջին մակարդակի դասընթացքին:
Ան կ'ըսէ. «ՀՀՀ-ի ծրագիրը եւ մեթոտը ինծի համար շատ յարմար էին: Ամէն շաբաթ նոր դասի եւ նոր նիւթի մը շուրջ բառեր, տեղեկութիւններ կը ստանայի, վարժութիւնները կը կատարէի, ՀՀՀ-ի ընկերային ձեռնարկներուն կը մասնակցէի եւ ամէնէն կարեւորը, հեռավար ուսուցչուհիիս՝ Զեփիւռ Խպլիկեանին հետ միշտ զրուցելու, հարցումներս հարցնելու առիթը կ'ունենայի: Այդ յաճախակի հանդիպումները առիթ դարձան, որ հեռավար ուսուցչուհիս դառնայ իմ մտերիմ ընկերուհիս»:
Լիւսանը յաջորդաբար կը հետեւի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի բոլոր դասընթացքներուն ու կը հաստատէ, ըսելով «ՀՀՀ-ի ճկուն մօտեցումին եւ Հայոց լեզուի դասընթացքին շնորհիւ, հայերէն աւելի լաւ եւ սահուն խօսելու կարողութիւնը ձեռք ձգեցի»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէն բաժինի պատասխանատու Զեփիւռ Խպլիկեանը կը նշէ, որ Լիւսանը բծախնդիր եւ պարտաճանաչ ուսանողուհի է. «Որպէս պարտականութեան գիտակից ուսանողուհի, միշտ հետեւած է դասերուն, մասնակցած է մեր կազմակերպած առցանց ձեռնարկներուն եւ սորված նոր բառերն ու արտայայտութիւնները փորձած է կիրարկել բանաւոր եւ գրաւոր խօսքին մէջ: Հայոց լեզուի դասընթացքին հետեւած է, որպէսզի բարելաւէ հայերէնի իմացութիւնը եւ որպէս հայկական մշակոյթի սիրահար՝ թափանցէ հայերէն խօսքի եւ հայկական մշակոյթի խորքը»:
Այժմ, հայերէնի իմացութեան մակարդակը բարելաւելէ ետք, Լիւսանը կը շարունակէ իր ուսումնառութիւնը եւ կը հետեւի արեւմահայերէնով տրամադրուած ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքին:
Ան կ'ըսէ. «Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք հայերէն սորվելու այս հնարաւորութիւնը ընծայեցին: Առաջին հերթին կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանին եւ ՀՀՀ-ի ամբողջ աշխատակազմին: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը լաւ առիթ է հայերէն սորվելու, հայոց պատմութիւնն ու հայկական մշակոյթը ճանչնալու համար: Այս բացառիկ հնարաւորութիւնը բոլոր ծանօթներուս կը յանձնարարեմ»։
Վերջերս, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, Լիւսանը իր ամուսինին Օհաննէսին հետ այցելեց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Երեւանի գրասենեակը եւ ջերմ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Արեւմտահայերէն բաժինի պատասխանատու Զեփիւռ Խպլիկեանի եւ Ազատ ծրագիրի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Պապիկեանի հետ: Անոնք, հաճելի եւ մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի նոր ծրագիրներուն եւ ՀՀՀ-ի աշխատակազմի գործունէութեանը մօտէն ծանօթանալու հնարաւորութիւնն ունեցան: