Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

STEP.ai ծրագիրը, որպէս փորձնական ծրագիր սկիզբ առած է 2022-ին: Նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի դպրոցներէն ներս STEM կրթութեան տարածման աշխատանքներուն:
Վերջին երկու տարիներու ընթացքին STEP.ai ծրագիրին միացած են 10-12-րդ կարգերու աշակերտները՝ հայկական 7 դպրոցներէն եւ արհեստական բանականութեան հիմունքներուն ծանօթանալու առիթը ունեցած են: Նշենք, որ STEP.ai ծրագիրը մշակուած է արհեստական բանականութեամբ հետաքրքրուողներուն համար, անխկախ իմացութեան մակարդակէ:
Հետեւեալ հարցազրոյցի ընթացքին, ուսանողնրը յայտնեցին իրենց կարծիքը եւ խօսեցան արհեստական բանականութեան ազդեցութեան մասին:
«Ես կ'ուզէի գիտնալ, թէ արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կը մտածէ, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան պատկերներ կամ բազմաթիւ ծրագիրներ ստեղծել: Կ'ուզէի գիտնալ, թէ արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ դիւրացնել մարդոց կեանքը»: - Էլեն Թադէոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց
«Ես արհեստական բանականութեամբ սկսայ հետաքրքրուիլ, երբ դեռ ԹՈՒՄՈ կը յաճախէի։ Ուզեցի խորացնել գիտելիքներս եւ հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք արհեստական բանականութիւնը օգտագործել առօրեայ կեանքի խնդիրները լուծելու համար»։ - Յովհաննէս Բաղրամեան, Երեւանի պետական համալսարան, STEM աւագ դպրոց
«Ես որոշեցի միանալ արհեստական բանականութեան դասընթացքին, քանի որ անհրաժեշտ է իմ ապագայ մասնագիտութեանս համար: Ինծի համար դասերը այնքան ալ դժուար չէին, ես արդէն գիտէի C++։ Դասերը շատ հաճելի են եւ հետաքրքրական»։ - Արիս Ղուկասեան, Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիր
«Այս դասընթացքին մասնակցեցայ, որովհետեւ հետաքրքրուած եմ տեղեկատուական ճարտարագիտութեամբ։ Մասնակցիլը ճիշդ որոշում էր. ուրախ եմ»։ - Լիլիթ Ասլանեան, Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոց
«Ինծի համար ամէնէն հետաքրքրական տեղեկութիւնն այն է, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ կատարելագործուիլ՝ առանց ծրագրաւորման, փորձի հիման վրայ»։ - Յովհաննէս Բաղրամեան, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց
«Ամէն ինչ հետաքրքրական է։ Հիանալի ոլորտ է. մեծ ազդեցութիւն ունի իմ ապագայ մասնագիտութեանս վրայ»։ - Լիլիթ Ասլանեան, Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոց
«Ես արհեստական բանականութեան օգնութեան կը դիմէի կրթութեան ոլորտի մէջ՝ իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութեան համապատասխան ուսուցում ապահովելու համար, որպէսզի ուսումնառութիւնը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ եւ գրաւիչ: Արհեստական բանականութիւնը կ'օգտագործէի նաեւ արդիւնաբերութեան մէջ՝ մեր երկրի զարգացումը խթանելու համար»։ - Յովհաննէս Բաղրամեան, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց
« Արհեստական բանականութիւնը կ'օգտագործէի առողջապահութեան մէջ, որովհետեւ շատ արագ կրնայ վերլուծել մեծ քանակով տուեալներ։ Արհեստական բանականութեան շնորհիւ բժիշկները կրնան արագ ախտորոշել հիւանդութիւնները եւ ճշգրիտ բուժում նշանակել»։ - Տիանա Միրզոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան դպրոց
«Պատերազմի ատեն ես կը նախընտրէի, որ զինուորներու փոխարէն ռոպոթները կռուին, որպէսզի մարդիկ չզոհուին եւ իրենց կեանքը չկործանուի»: - Էլեն Թադէոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց
«Արհեստական բանականութիւնը կրնայ դիւրացնել մեր կեանքը տարբեր ոլորտներու մէջ, օրինակ՝ բժշկութեան ոլորտի մէջ։ Կրնայ օգնել մարդոց, որպէսզի արագ եւ ճիշդ որոշումներ առնեն»: - Նինա Եազճեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան դպրոց
«Կը կարծեմ, որ արհեստական բանականութիւնը շուտով պիտի գրաւէ մարդոց առօրեայ կեանքի մօտաւորապէս 90 տոկոսը. մարդիկ կախեալ պիտի ըլլան արհեստական բանականութենէն: Օրինակ, շատեր արդէն կախուած են ChatGPT-էն: Արդեօ՞ք արհեստական բանականութեան կարողութիւնները պիտի գերազանցեն մարդու ունեցած կարողութիւնները: Թերեւս..., բայց կը կարծեմ, որ մարդիկ պիտի փորձեն կանխել այդ մէկը»։ - Վազգէն Գինոսեան, «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր
«Ես կը կարծեմ, որ մենք կրնանք ունենալ զարգացած եւ լաւ ապագայ եթէ արհեստական բանականութիւնը ճիշդ օգտագործենք։ Բայց, եթէ չափը անցընենք, այդ պարագային մարդոց միտքը կը փոխարինուի արհեստական բանականութեամբ, որ անշուշտ լուրջ փորձանքի կրնայ վերածուիլ»։ - Լիլիթ Ասլանեան, Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոց
Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք այն աշակերտներուն, որոնք կը փափաքին հետեւիլ արհեստական բանականութեան:
«Թուաբանութիւն, յատկապէս՝ հանրահաշիւ թող սորվին։ Անշուշտ թող սորվին նաեւ ծրագրաւորման լեզու, օրինակ՝ Python»։ - Միքայէլ Չիպուխչեան, Երեւանի N112 աւագ դպրոց
«Պէտք է խորանան թուաբանական գիտելիքներու մէջ եւ զարգացնեն տրամաբանական մտածողութիւնը: Առաւել, ըլլան պատասխանատու եւ աշխատասէր»։ - Յովհաննէս Բաղրամեան, Երեւանի պետական համալսարանի STEM աւագ դպրոց
«Այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին հետեւիլ արհեստական բանականութեան, անպայման թող միանան STEP.ai ծրագիրին։ Եթէ հետաքրքրուած էք այս ոլորտով, միշտ աշխատեցէ՛ք եւ հակառակ դժուարութիւններուն, երբեք մի՛ յուսահատիք:Արհեստական բանականութիւնը կրնայ լաւ գործիք դառնալ նոր բան ստեղծելու եւ մեր հակառակորդներուն դէմ պայքարելու համար»։ - Լիլիթ Ասլանեան, Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոց
Հարցազրոյցը ուրախ եւ պարզ հարցումով մը աւարտելու համար, դպրոցի աշակերտներուն հարցուցինք, թէ ըստ իրենց, ի՞նչ է արհեստական բանականութեան գոյնը: Ուսանողներուն մեծ մասը ըսաւ, թէ հաւանաբար բաց կապոյտ է: STEM աւագ դպրոցի աշակերտ Յովհաննէս Բաղրամեան այսպէս նկարագրեց. «Խաղաղ երկինքի գոյնն է եւ կը խորհրդանշէ անսահման հնարաւորութիւններ»:
Իսկ Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի աշակերտուհիներէն Մանէ Խաչատրեան ըսաւ. «Սեւ է, քանի որ բնութեան մէջ սեւ գոյն չկայ եւ արհեստական բանականութիւնը ստեղծուած է մարդոց կողմէ»։
STEP.ai ծրագիրը արդիւնքն է Synopsys հիմնադրամի, AGBU Silicon Valley մասնաճիւղի, Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութեան (UEICT), Synopsys Armenia-ի կրթական վարչութեան եւ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) համագործակցութեան։