login
Արեւելահայերէնի միջին մակարդակ-2
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները կատարելագործել: Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բնագրային բառերու, բառակապակցութիւններու, տարբեր արտայայտութիւններու եւ նախադասութիւններու միջոցով անհրաժեշտ հաղորդակցութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը կ'ունենան: Ուսանողները կը սորվին անկանոն եւ պակասաւոր բայերը: 

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Կապի մէջ ըլլան իրարու հետ ֆորումներու, քննարկումներու եւ ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անկանոն բայեր, հաստատական վերաբերականներ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անկանոն բայեր, երկբայական վերաբերականներ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անկանոն բայեր, գնահատողական եւ ժխտական վերաբերականներ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անկանոն բայեր, սաստկական եւ սահմանափակման վերաբերականներ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, պակասաւոր բայեր, կէտադրութիւն՝ ստորակէտ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, պակասաւոր բայեր, կէտադրութիւն՝ վերջակէտ, բութ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, պակասաւոր բայեր, ձայնարկութիւն,  կէտադրութիւն՝ չակերտ, փակագիծ, կախման կէտ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, պակասաւոր բայեր, ձայնարկութիւն, կէտադրութիւն՝ շեշտ, միջակէտ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բնագրային բառերու, բառակապակցութիւններու, տարբեր արտայայտութիւններու եւ նախադասութիւններու միջոցով անհրաժեշտ հաղորդակցութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը կ'ունենան: Ուսանողները կը սորվին անկանոն եւ պակասաւոր բայերը: Ապա կը սորվին ձայնարկութիւնները, կէտադրական նշանները՝ ստորակէտը, վերջակէտը, միջակէտը, չակերտները, փակագիծերը, ինչպէս նաեւ երկբայական, գնահատողական, ժխտական, սաստկական ու սահմանափակման վերաբերականներու կիրարկումը բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի մէջ: Երկխօսութիւնները, բնագիրները եւ վարժութիւնները կ'օգնեն ուսանողներուն, որ բարելաւեն հայերէնի իմացութեան մակարդակը:

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը (regular program), ամէն շաբաթ մէկ դաս կը տրամադրուի: Ուս. շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Իսկ եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը (slow-mode program), երկու շաբաթը մէկ նոր դաս մը կը տրամադրուի. այս պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: 

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ 
Ուսանողները կը ծանօթանան կրթական հարթակին, պահանջքներուն, կ'ամբողջացնեն անհատական թերթիկը (profile), զիրար կը ծանօթանան, կը մասնակցին ֆորում- քննարկումին եւ խմբային առցանց հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կը նշեն ժամային գօտիները:

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Ս. Մինասեան, Վ. Ն. Յարութիւնեան, Ն. Ս. Այվազեան, Լ. Վ. Պետրոսեան, Երեւանի պետական համալսարան, Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթ, «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան, 2000)
  • Ս. Գալստեան, «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթներու համար», (Երեւան, 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարեգինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան, 1990)