Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Մինչեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին տեղեկութիւն ստանալը, Վալերի Նովոսելսկին գիտէր հայերէն որոշ խօսակցական նախադասութիւններ եւ սիրային արտայայտութիւններ, որոնք սորված էր իր հայ ընկերներէն ։ Այսօր, Վալերին, զարգացուցած է հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան, լեզուի, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան մասին իր ունեցած գիտելիքները, մասնակցելով ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքներուն եւ աւարտելով այդ դասընթացքներու մեծ մասի բարձր մակարդակները։
Մեծնալով Ուգրանիոյ Տնեբրոբեդրովսկ քաղաքի մէջ, Վալերին կը նշէ, որ այդտեղ հայկական գաղութը մեծ չէ, բայց ինք միշտ ընկերային կապեր ունեցած է հայերու հետ. « Խորհրդային Միութեան տարիներուն, մենք նոյն պետութեան քաղաքացիներն էինք»: Յետագային, երբ տեղափոխուած է Մոսկվա, այնուհետեւ` Իսրայէլի Հայֆա քաղաք, աւելի ամրապնդուած են իր կապերը հայերու հետ:
Հասակ առած է հայ դրացիներու, դասընկերներու եւ ընկերներու հետ եւ զգալիօրէն զարգացուցած է իր հետաքրքրութիւնը հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէպ։ 2011-ի Հոկտեմբերին, համացանցի վրայ կարճ փնտռտուքէ յետոյ, գտած է Հայկական Համացանցային Համալսարանը, իսկ դասընթացքները ուսումնասիրելէ ետք իմացած է, որ գտած է այն, ինչ կը փնտռէր։
Վալերին արդէն աւարտած է հայոց պատմութեան դասընթացքը, որ կ՚ընդգրկէ հին շրջանէն մինչեւ 20-րդ դար։ Աւարտած է նաեւ ճարատարապետութեան, լեզուի եւ երաժշտութեան դասընթացքները: Ան կը նշէ, թէ դասընթացքի բովանդակութիւնն ու մանրամասնութիւնները այնքան մատչելի ձեւով ներկայացուած են, որ նոյնիսկ կրթական տարբեր մակարդակի մարդիկ կրնան առանց դժուարութեան յիշել ականաւոր մարդոց եւ աշխարհագրական վայրերու անունները, որոնց մտապահելը, այնքան ալ դիւրին չէ։
Վալերին կը հաստատէ, որ ՀՀՀ-ի դասընթացքները եւ դասաւանդման միջոցները ոգեշնչեցին, որ աւելի ուսումնասիրէ այն նիւթերը, որոնց մասին ինք հետաքրքրուած էր։ Օրինակ, պատմութեան դասընթացքին մէջ Մամիկոնեան արքայատոհմի մասին տեղեկութիւններ ստանալուն կապակցութեամբ կը նշէ. «Այն տեղեկութիւնները, որոնք ՀՀՀ-ի միջոցով ես իմացայ այս արքայատոհմի մասին, մղեցին, որ ուսումնասիրեմ Չինաստանի հայկական գաղութի պատմութեանը վերաբերող այլ աղբիւրներ: Նիւթ մը, որ առաւելաբար կը գրաւէ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուողներու ուշադրութիւնը»։
Վալերիի եռանդուն բնոյթը, գնչուական արմատները եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնը զինք մղեցին, որ աշխուժօրէն ներգրաւուի գնչուական միջազգային շարժման մէջ եւ հանդիսանայ գնչուական երեւութական ցանցի խմբագիրը: Ան բարձր կը գնահատէ ՀՀՀ-ի դերը, իբրեւ Հայաստանը միջազգային համայնքին միացնող կամուրջ։ Ան կը հաստատէ. «ՀՀՀ-ի շնորհիւ Հայաստանը նոր ընկերներ կ՚ունենայ. այնպիսի ընկերներ, որոնք հիմնական գիտելիքներ իւրացուցած են հայ ժողովրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ լեզուի մասին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, անկախ իր աշխատանքէն եւ պարտականութիւններէն, կը դառնայ Հայաստանի հանրային դիւանագէտը՝ աշխարհի մէջ»։