Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Արժանթինի Ռոսարիօ քաղաքէն Ռիքարտօ Թորրէս հայագիտութեամբ կը զբաղի եւ մեծ հեռանկարներ ունի:
«Ես սպանական եւ իտալական արմատներ ունիմ, բայց հայերէնը զիս շատ գրաւեց: Անոր համար իմ դոկտորական աշխատանքի ղեկավարս խորհուրդ տուաւ, որ հետեւիմ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն»:
Ռիքարտօն, միջազգային յարաբերութիւններու գիտութեան դոկտոր է: Այժմ կը հետեւի Ռոսարիօ քաղաքի ազգային համալսարանի (UNR) տնտեսագիտութեան ճիւղին: Ան որոշած է նաեւ ստանալ մագիստրոսի կոչում՝ հայոց լեզուի եւ պատմութեան մէջ:
«Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն կը սորվիմ, անշուշտ ՀՀՀ-ի դասընթաքցքներու եւ հեռավար ուսուցիչներու շնորհիւ: ՀՀՀ-ի եւ UNR-ի կազմակերպած հայոց պատմութիւն հիպրիթ ծրագիրին կը հետեւիմ: Հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ իմ բժիշկս 1988-ին, առաջին պատերազմին, այնուհետեւ 2016-ին Արցախ կը գտնուէր: Հիմա այդ շրջանի դէպքերուն մասին գիրք կը գրեմ: Յատկապէս 2020-ի պատերազմէն ետք եղած դէպքերը կը ներկայացնեմ: Կը փափաքիմ տիրապետել արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ կ'ուզեմ հայոց պատմութեան գիտելիքներս զարգացնել»։
ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչ Գոհար Գէորգեան կ'ըսէ. «Ռիքարտօ Թորրէս ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքի ամէնէն աշխոյժ մասնակիցներէն է: Որպէս դասախօս Ռոսարիօ ազգային համալսարանի՝ խումբ մը ուսանողներու հետ հայերէն կը սորվի: ՀՀՀ-ի եւ Ռոսարիօ ազգային համալսարանի միջեւ հաստատուած երկարատեւ համագործակցութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտէ հիպրիթ կրթութեան կարեւորութիւնը: Ռիքարտօն կը հետեւի արեւմտահայերէնի նախամիջին մակարդակին եւ լեզուական դժուարութիւններն ու խնդիրները յաջողութեամբ կը յաղթահարէ»:
Թէեւ դժուար է հայերէն բարդ բառերը արտասանելը, բայց հակառակ անոր Ռիքարտօն երբեք չի յուսահատիր եւ միշտ կը մասնակցի ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ լեզուի գործնական հանդիպումներուն:
Գոհար Գէորգեան կը նշէ. «Իր տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքին, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան շնորհիւ միշտ կը հասնի յաջողութեան»:
Ռիքարտօն խօսքը կ'աւարտէ ըսելով. «Մեծ ուրախութեամբ խորհուրդ կու տամ հետեւելու ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, որովհետեւ բարձր մասնագիտացուած եւ ճիշդ կազմակերպուած ծրագիր է. Հայերէն առցանց սորվելու լաւագոյն միջոցն է»:
Արժանթինի Ռոսարիօ քաղաքի ազգային համալսարանը (UNR) Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ 2021 թուականէն ՀՀՀ-ի դասընթացքները ընդգրկած է իր ուսումնական ծրագիրին մէջ: Լեզուի դասընթացքներէն բացի, ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու միջոցով ուսանողները կը ծանօթանան Հայաստանին, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին, առաւել կը մասնակցին ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ կրթական տարբեր ծրագիրներուն: