Առաջարկներ 
                                    
                                    
                            
                                            Ընդունելութիւն 
                                    
                                    
                            ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Զէյնէ Ազար կ'ըսէ, որ ինք հայոց լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան, արուեստի եւ «հայկական» կոչուող ամէն ինչի հանդէպ մեծ սէր ունի:
Հետեւաբար բնական է պատկերացնել այն խանդավառութիւնը, որ ապրած է  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներն ու ծրագիրները յայտնաբերելէ ետք:  
 
Զէյնէն կը նշէ. «Օր մը, համացանցի վրայ պրպտումներ ըրած ատենս բախտի բերումով գտայ ՀՀՀ-ը:  Անմիջապէս որոշեցի կայք մտնել, մանրամասն սերտել եւ այս բացառիկ հաստատութեան մասին տեղեկութիւն հաւաքել: Չէք կրնար պատկերացնել իմ ուրախութիւնս, երբ լեզուի բաժին ընդունուեցայ: Այսպէս սկսաւ իմ երթս ՀՀՀ-ին հետ»:
 
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Զէյնէ Ազարի փորձառութեան, հայկական ամէն ինչի հանդէպ ունեցած սիրոյ  եւ ամուսինին հետ Հայաստան տեղափոխուելու պատմութեան ծանօթանալու համար կրնաք հետեւիլ տեսանիւթին: