login
Ներսէն Հայեացք
«ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքը բացառիկ է» 09/07/2024

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Ռուբէն Պազիեանցը ծնած է Մոսկուա, Ռուսիա: 10 տարեկանին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է ԱՄՆ, Հիւսիսային Գարոլինա նահանգը:

 

Թէեւ իր մայրենի լեզուն եղած է հայերէնը, բայց դպրոց յաճախելէն ետք բաւականին մոռցած է: Իր մեծ հօր, մեծ մօր եւ արմատներուն հետ կապը պահպանելու համար որոշած է բարելաւել հայերէնի իմացութիւնը: 


Համացանցի վրայ համապատասխան ծրագիր մը գտնելու միտումով պրպտում մը կատարելով յայտնաբերած է ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), եւ սկսած է հետեւիլ Հայոց լեզուի եւ Ճատրակի դասընթացքներուն: Ան միշտ սիրած է ճատրակը եւ հիմա ուրախ է, որ միեւնոյն ժամանակ երկու դասընթացքներուն հետեւելու կարելիութիւնն ունի:

 

Ռուբէնը կ'ըսէ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ Հայոց լեզուի դասընթացքէն բացի Ճատրակի դասընթացքն ալ կայ»:

 

Իր յուշերը պատմելով կ'ըսէ. «Ճատրակ խաղալ սորվեցայ մեծ հօրմէս: Մեծ համբերութեամբ սորվեցուց ճատրակի քայլերը: Յետոյ, երբ ԱՄՆ տեղափոխուեցանք, սկսայ ճատրակ խաղալ հօրս հետ»:

 

Տարիներու ընթացքին ճատրակի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը կը նուազի, բայց, 2020-ին՝ համավարակի շրջանին, այդ հետաքրքրութիւնը դարձեալ կարծես թէ կը յայտնուի ու կը սկսի ճատրակ խաղալ՝ առցանց:

 

Ճատրակի մէջ մեծագոյն նուաճումը կը համարէ այն, որ ի տարբերութիւն մանկութեան օրերուն, երբ յաճախ կը պարտուէր հօր դիմաց՝ խաղի մէջ, այժմ յաղթողը միշտ ինք կը հանդիսանայ: Ապա խօսքը շարունակելով, կ'ըսէ. « Ճատրակը ինծի համար այն միջավայրն է, ուր ամբողջովին կ'անջատուիմ եւ կը հեռանամ իմ առօրեայ հոգերէն, ճնշումներէն ու կը սկսիմ մտածել միայն խաղի ռազմավարութեան եւ լաւագոյն քայլերու մասին»:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքները օգնեցին Ռուբէնին աւելի կատարելագործելու իր հմտութիւնները. «Ուրախ եմ, որ գտայ այն, ինչ կ'ուզէի: Դասընթացքի շնորհիւ ծանօթացայ ճատրակի պատմութեան ու զարգացման ընթացքին:  Առաւել, սորվեցայ այնպիսի գործնական քայլեր, որոնք հարստացուցին կարողութիւններս: Տեղեկութիւնները ներկայացուած են հիանալի ձեւով»:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Ճատրակի դասընթացքի հեռավար ուսուցչուհի Մանէ Ադամեանը այսպէս կ'ըսէ. «Ռուբէնը շատ լաւ ուսանող է: Միշտ կը հետեւի եւ բծախնդրօրէն կը կատարէ բոլոր պարտականութիւններն ու քննութիւնները»:

 

Ան որոշած է շարունակել իր ուսումը. «Ես կ'ուզեմ ամբողջացնել ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Ճատրակի դասընթացքը, որպէսզի զարգացնեմ իմ կարողութիւններս: Կ'ուզեմ նաեւ սորվիլ հայոց լեզուն»:

 

ՀՀՀ-ը նպաստեց ամրապնդելու իր կապը արմատներուն եւ հայրենիքին հետ: Յիշելով հայրենիք կատարած իր առաջին այցելութիւնը, կ'ըսէ. «Ես կը յիշեմ, որ տեսայ Արագածը, այդ հսկայ եւ գեղեցիկ լեռը: Համտեսեցի բոլոր համով ուտելիքները եւ վայելեցի Երեւանի գեղեցիկ կեդրոնն ու կանաչապատ տարածքները: Օր մը, դարձեալ կ'ուզեմ Հայաստան այցելել»: