Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Իտալիայէն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն հետեւող Ֆրանչէսքօ Ճիոմանին, երբ 2011-ին կը տեղափոխուի Վենետիկ, Ca’ Foscari համալսարանէն ներս ասիական լեզուներ սորվելու նպատակով, իր անձնական եւ ընկերային կապերուն շնորհիւ կը ծանօթանայ նաեւ հայկական մշակոյթին:
Իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ յաճախած համալսարանին քով գտնուող պալատի նմանող հաստատութեան մը պատերուն գրութիւնները:
Հետագային կը պարզէ, որ այդ հաստատութիւնը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանն է: Հնդկահայ համայնքէն՝ Սամուէլ Մկրտիչ Մուրատի եւ Էտուարտ Ռաֆայէլի հովանաւորութեամբ բացուած վարժարանը, օրուան անուանի ուսուցիչներուն շնորհիւ, գիտական-կրթական կեդրոն մը եղած է:
Ուսանելու ընթացքին, Ֆրանչէսքօն իր հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօսին շնորհիւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին եւ տեղեկութիւն կը ստանայ արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին: Ինք յատկապէս կը յիշէ, թէ ինչքան տպաւորուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման նուիրուած դասախօսութենէն: Կը սերտէ նաեւ Կովկասի պատմութիւնը ու իր դասախօսը հետագային կը դառնայ մագիստրոսական ուսումին խորհրդատուն:
Ֆրանչէսքօն առիթ կ'ունենայ այցելելու Վենետիկի ծովածոցի Սուրբ Ղազար կղզին, ուր հաստատուած է Մխիթարեան միաբանութիւնը 1717 թուականին:
Հայկական մշակոյթի հանդէպ Ֆրանչէսքոյի հետաքրքրութեան հիմք դարձած են ոչ միայն հայկական կառոյցները, այլ նաեւ՝ մարդիկ. «Իտալիոյ եւ շարք մը երկիրներու մէջ տարբեր հայերու հանդիպելու եւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու առիթն ունեցայ: Այս ընկերային կապը հիմք դարձաւ, որ տարբեր գիրքերու եւ շարժապատկերներու միջոցով խորացնեմ իմ ստացած գիտելիքներս հայոց լեզուի եւ մշակոյթի մասին: Այդ գիրքերէն կ'ուզեմ նշելԱնթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքը»:
Ֆրանչէսքօն երբ կը բնակի Թուրքիա, կը ծանօթանայ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կայքին եւ կ'որոշէ հետեւիլ Հայոց լեզուի դասընթացքին. «Պսակաւոր ժահրի ինքնամեկուսացման շրջանն էր...: Ես որոշեցի արձանագրուիլ ու հետեւիլ Արեւելահայերէնի դասընթացքին»:
Ան աշխուժօրէն կը հետեւի ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն. «Երբեք միտքէս չէր անցներ, որ պիտի հետեւիմ ՀՀՀ-ի Արեւելահայերէնի դասընթացքի 4 մակարդակներուն, արեւմտահայերէնի՝ երեք (հիմա 4-րդ մակարդակին կը հետեւիմ) եւ պիտի ամբողջացնեմ Հայոց պատմութեան դասընթացքէն երկու մակարդակ (հիմա 3-րդին կը հետեւիմ)»:
Ան կ'ըսէ. «Հայերէն չէի գիտեր, բայց հիմա բաւական լաւ կը կարդամ: Դժբախտաբար, Հայաստան այցելելու առիթ չեմ ունեցած եւ այդ պատճառով, բանաւոր խօսքս շատ լաւ չէ: Բայց ես կը փորձեմ խօսելու կարողութիւնս ալ բարելաւել»:
Բարեբախտաբար, ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն կարելի է հետեւիլ հեռավար ուսուցիչի միջոցով, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ տարբեր ձեռնարկներու ու խմբային հանդիպումներու: Այս բոլորը անշուշտ կ'օգնեն, որ ուսանողին հայերէն խօսքը զարգանայ:
Ան կ'ըսէ. «Իսկապէս կ'ուզեմ հետեւիլ ՀՀՀ-ի բոլոր դասընթացքներուն, որովհետեւ կը կարծեմ, որ բոլորը շատ լաւ են: Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս աւելցաւ հեռավար ուսուցիչներուս՝ Մարինէ Խաչատուրեանի եւ Անի Տեկիրմէնճեանի շնորհիւ, որոնք միշտ բարեհամբոյր են, մտերմիկ եւ օգնելու պատրաստակամ»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Աւագ հեռավար ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեան կը նշէ, որ Ֆրանչէսքօն խելացի եւ պարտաճանաչ ուսանող է: Ան կ'ըսէ. «Հայերէնի դասերուն լրջօրէն կը հետեւի եւ բոլոր թելադրանքներս բծախնդրօրէն կը կատարէ»:
Ֆրանչէսքօն այժմ կը փափաքի արեւմտահայերէն սորվիլ: Ան կ'ըսէ. «2020-ին, երբ սկսայ հետեւիլ թրքագիտութեան՝ մագիստրոսական կրթութիւնս ամբողջացնելու համար, աւելի շատ ուզեցի կեդրոնանալ Թուրքիոյ յոյներու եւ հայերու վրայ, ուզեցի ճանչնալ անոնց պատմութիւնը, ծանօթանալ աւանդութիւններուն եւ սերտել լեզուն: Կ'ուզեմ Թուրքիա բնակող հայերուն եւ հայկական համայնքին աւելի մօտէն ծանօթանալու հնարաւորութիւնն ունենալ»:
Ֆրանչէսքօն 2022-էն ի վեր կը բնակի Թուրքիոյ Կեդրոնական Ասիոյ հատուածի այն տարածքին, ուր հայկական բազմաթիւ համայնքներ կան. «Կրնամ ըսել, որ 2020-էն, երբ արդէն սկսայ հետեւիլ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, միշտ կապի մէջ եմ հայկական մշակոյթին եւ հայերուն հետ»:
Ֆրանչէսքօն կը փափաքի այցելել Հայաստանի, Արեւելեան Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իսրայէլի, Վրաստանի եւ Պարսկաստանի պատմական վայրերը ու սերտել հայկական մշակոյթը: Նպատակն է հայկական համայնքներու մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ հաւաքել եւ նպաստել «հայկական ժառանգութեան տարածման»: