Առաջարկներ 
                                    
                                    
                            
                                            Ընդունելութիւն 
                                    
                                    
                            Արժանթինէն ՀՀՀ-ի ուսանող Ալեխանտրօ Կոնզալէս իր ընտանիքին մասին կը խօսի եւ կը ներկայացնէ դէպի հայերէն մեկնող ճանապարհը:
«Ես համոզուած եմ, որ ժառանգաբար ինծի հասած հայկական արժէքները պէտք է պահպանուին: Ոչ մէկ տարակոյս, որ ինքնութեանս կարեւոր մէկ մասը հայկական է: Բայց իմ դիմացս միշտ յայտնուած է մեծ դժուարութիւն մը՝ հայոց լեզուն:  Հիմա ձեզի պիտի ներկայացնեմ, թէ ինչո՛ւ կը գնահատեմ իմ ունեցած փորձառութիւնս՝ ՀՀՀ-ի հետ»,- այսպէս կ'ըսէ Ալեխանտրօն, ցոյց տալով լեզուի միջոցով հայկական արժէքները վերաիմաստաւորելու հնարաւորութիւնը՝  ներկայացնելով յուշեր եւ պայքարի յուզիչ պատմութիւն մը: