login
Ներսէն Հայեացք
Մարդկութեան Հրաշալի Գանձը 03/06/2022

Արժանթինէն ՀՀՀ-ի ուսանող Մարիանօ Իկնասիօն, երբ կը խօսի հայերէն լեզուն սորվելուն մասին, այսպէս կ'ըսէ. «Մարդկութեան հրաշալի գանձը»:

Ան կը նշէ, որ հայերէնը դիւրին սորվելու հնարաւորութիւնը ընձեռելէ բացի, Հայկական համացանցային համալսարանը ունի դասաւանդման յատուկ ոճ եւ ճկուն մօտեցում. կ'առաջարկէ, որ ուսանողները իրենք տնօրինեն նոր բառեր, արտայայտութիւներ եւ երկխօսութիւններ սորվելու ժամկէտը: Ան խօսքը կը շարունակէ ըսելով.  «Եւ այս բոլորը շատ ջերմ, բարի, ընկերասէր մարդոց օգնութեամբ, որոնք միշտ պատրաստ են զիս օգնելու»: Իկնասիօն կը խրախուսէ բոլոր ցանկացողները, որ հայոց լեզուն ՀՀՀ-ի միջոցով սորվին: