login
Ներսէն Հայեացք
Տասնհինգ տարեկան պատանին ՀՀՀ-ի միջոցով արեւմտահայերէն կը սորվի 06/24/2023

«Մայրս ֆրանսահայ է, հայրս՝ ֆրանսացի: Ես յաճախ լսած եմ, թէ ինչպէ՛ս մայրս մեծ մօրս եւ մեծ հօրս հետ հայերէն կը խօսի: Ան միշտ ջանք թափած է, որ ես ալ հայերէն սորվիմ»:  
 

15 տարեկան Արթիւր Փրիյէօրը, շատ կը սիրէ ռոք երաժշտութիւնը եւ կը փափաքի շատ բան գիտնալ իր հայկական արմատներուն մասին:  Ան երկու տարիէ ի վեր կը հետեւի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:
 

 2017-ին, ապա 2018-ին Հայաստան այցելելէ ետք, աւելի հետաքրքրուած է հայկական մշակոյթով: Ան հպարտօրէն կ'ըսէ. «Ես կը սիրեմ հայկական ճաշերը. նոյնիսկ հայկական կարգ մը ճաշեր կրնամ պատրաստել եւ եփել»: 2017 թուականին կատարած այցելութեան այսպէս կ'անդրադառնայ. « 2017-ին մենք Արցախ ալ գացինք: Այս ճամբորդութիւնը շատ սիրեցի: Հայաստանը շատ գեղեցիկ է: Լեռները հոյակապ են, եկեղեցիներն ու վանքերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանը հազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկիր է: Հայ ժողովուրդը շատ սիրալիր է»:  


Հայաստան այցելելէ ետք, Արթիւր կ'որոշէ հայերէն սորվիլ: Մօր օգնութեամբ կ'արձանագրուի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի սկսնակ մակարդակին: Հիմա արդէն հասած է արեւմտահայերէնի տարրական մակարդակին:
 

Ան կ'ըսէ. «ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքին հետեւելէս ետք, մեծ մօրս, մեծ հօրս եւ մօրս կարգ մը զարմիկներուն հետ սկսայ քիչ մը հայերէն խօսիլ. անոնք շատ ուրախացան եւ յուզուեցան: Ես կը կարծէի, որ դասերը շատ դժուար պիտի ըլլային, կը վախնայի, որ պարտականութիւնները շատ պիտի ըլլային, բայց  ճիշդ հակառակը եղաւ. դասերուն կարելի է հետեւիլ ըստ յարմարութեանդ: Իմ ուսուցչուհիներս՝ Զեփիւռն ու Ովսաննան միշտ պատրաստ են ինծի օգնելու. շատ ազնիւ են»:


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան կը վկայէ. «Արթիւրը շատ խելացի, աշխոյժ, պարտաճանաչ եւ ձիրքերով օժտուած պատանի մըն է: Մեծ ջանք կը թափէ արեւմտահայերէն սորվելու եւ սորված բառերն ու քերականական գիտելիքները անպայման կը փորձէ կիրառել նոր նախադասութիւններ կազմելով: Մեր առցանց հանդիպումներն ու քննարկումները շատ հաճելի կ'անցնին»:


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ֆրանսերէնով դասաւանդող հեռավար ուսուցչուհի Ովսաննա Ճորոխեանին շատ տպաւորած է Արթիւրի եւ մօր ջանքը: Ան կը նշէ. «Արթիւրը շատ հետաքրքրական ներաշխարհ մը ունի: Բաւական ընդունակ է, երբ տրամադրուած ըլլայ՝ դասը անմիջապէս կը հասկնայ ու կը սորվի: Մեծ է մօր դերը հայերէնի ուսուցման մէջ. ան առցանց բոլոր հանդիպումներուն ներկայ կ'ըլլայ եւ  ոչինչ կը խնայէ, որ Արթիւրն ու եղբայրը հայերէնին տիրապետեն»:
 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջոցով հայերէն սորվիլը ոգեշնչեց Արթիւրը, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր յօրինած անգլերէն երգի հայերէն տարբերակը յօրինէ: Երգը նուիրած է իր մեծ հօրն ու մեծ մօրը՝ ցեղասպանութենէն վերապրածներուն:
 

«Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ովսաննային, Զեփիւռին եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին: Անոնք ինծի օգնեցին, որ հայերէն սորվիմ: Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթը պահպանելու համար, հայերէն սորվիլը շատ կարեւոր է: Եթէ դասերուն հետեւելու կապակցութեամբ երկմտանքի մէջ էք, կ'առաջարկեմ, որ անպայման փորձէք. այս դասերը պատրաստուած են բոլորին համար, հայերէն սորվելու փափաքը ունեցողներուն համար»: 

 
Ներկայիս Արթիւրի փոքր եղբայրն ալ կը հետեւի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասերուն:


Նոյնիսկ իրենց հայրը կը փորձէ հայերէն սորվիլ, որպէսզի տղոց հետ հայերէն խօսի: Մօր շնորհիւ, Արթիւրն ու ամբողջ ընտանիքը որոշած են պահպանել հայոց լեզուն: