login
Ներսէն Հայեացք
Աւստրալիա Բնակող Սինկափորացի Աղջիկը Հայերէն Կը Սորվի 10/23/2016

Քարմէն Խուի համար տարբեր վայրերու մէջ բնակիլը եւ տարբեր լեզուներ սորվիլը արտասովոր երեւոյթ չէ։ Ծնած եւ հասակ առած է Սինկափորի մէջ, բայց դպրոցական ուսումնառութեան շրջանին տեղափոխուած է Աւստրալիա։ Շատ լաւ սորված է խօսիլ ֆրանսերէն լեզուն, ինչպէս նաեւ՝ սպաներէն եւ գերմաներէն լեզուները։ Այժմ հետաքրքրուած է լատիներէն լեզուով եւ կը պատրաստուի մեկնելու Միացեալ Թագաւորութիւն ՝ պատմութիւն սորվելու համար։
 

Քարմէնը շատ կը սիրէ լեզուներ սորվիլ։ ՀՀՀ-ի մասին տեղեկութիւն ստացած է կայք է մը, որ լեզուներու առցանց դասընթացներու ցանկը կը տրամադրէ։ Ան կապ կը հաստատէ ՀՀՀ-ի հետ եւ մանրամասն տեղեկութիւն կը ստանայ ՀՀՀ-ի առաջարկած դասընթացներուն եւ օն լայն ուսուցիչներուն տրամադրած աջակցութեան մասին։ Տեսնելով, որ ՀՀՀ-ն ունի համապարփակ եւ մասնագիտացուած մօտեցում, կ՚որոշէ սորվիլ նոր լեզու մը, որ կը պատկանի այն մշակոյթին, որուն մասին , մինչ այդ, ոչինչ գիտէր։
 

Նախապէս ոչինչ գիտէր Հայաստանի եւ հայոց լեզուի մասին։ Առաջին անգամ հայերէնին կը ծանօթանայ արեւելահայերէնի սկսանկ դասընթացին շնորհիւ։ Այս առթիւ ան կ՚ըսէ.
"Ես շատ կը սիրեմ հայերէն տառերու պատկերը, գրելու ձեւը։ Կը կարծեմ, որ երկրագունդի ամէնէն գեղեցիկ գրային համակարգերէն է"։
 

Քարմէնը, որ առցանց համալսարաններու միջոցով տարբեր լեզուներ սորված է, ՀՀՀ-ն կը համարէ լաւագոյն տարբերակը։ Ան բարձր կը գնահատէ ՀՀՀ-ն, որովհետեւ կրնայ տրամադրել հայկական կրթութիւն՝ աշխարհի չորս կողմը գտնուող բոլոր ուսանողներուն։ Ջերմօրէն կը խօսի ՀՀՀ-ի անձնակազմի եւ յատկապէս բանիմաց ու սիրալիր օն լայն ուսուցչուհի՝ Մարինա Խաչատուրեանի մասին, որուն շնորհիւ ծանօթացած է հայկական մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն։
 

Հայաստանը եւ հայոց լեզուն կ՚ոգեշնչեն Քարմէնը, որ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարէ, ապացուցելու համար, որ հայերէնը « անզուգական գանձ է»։ Սորվելով հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը, կը փափաքի, որ աշխարհը լաւ ճանչնայ թերի ներկայացուած հայոց պատմութիւնը։ Ան կ՚ըսէ.

«Հայաստանը պէտք է որ ճանչցուի որպէս քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրան, ինչպէս՝ Բաբելոնը, Պարսկաստանը եւ Եգիպտոսը։ Ինծի համար իսկապէս առեղծուած է, թէ ինչու՞ Հայաստանը չի գրաւեր իր արդար տեղը՝ հնագոյն պատմութեան մէջ»։
 

Համալսարանական ուսումնառութեան եւ գերզբաղուածութեան պատճառով, ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է ուսումը ՀՀՀ-ի հետ։ Բայց, ՀՀՀ-ի կազմակերպած Երեւանի առցանց այցելութենէն ետք, որոշած է այցելել Հայաստան, տեսնել Գառնին, անձամբ ծանօթանալ հայկական երաժշտութեան, համտեսել հայկական խոհանոցի յայտնի ուտեստները եւ կիրարկել լեզուական հմտութիւնները։
 

ԾՆԹ. -Սեղմելով հետեւեալ յղումը, կրնաք տեսնել, թէ ինչպէս Քարմէնը կը խօսի հայերէն The Armenite –ի համար նկարած տեսանիւթիւն մէջ՝
https://youtu.be/s5UN3HaSLdo?list=TLGGZPMBOVVv4q4xNzA1MjAyMg


Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան