Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ֆրանսիայի Մոնպլիէ քաղաքը, 53 տարեկան Իզապէլը իր միակ տղուն հետ կ’ ապրի: Տղան իսկական հայու կը նմանի՝ հայկական քիթով, աչքերով, նոյնիսկ յօնքերով: Սակայն ո՛չ Իզապէլը, ո՛չ ալ տղան հայեր են: Ան պարզապէս Հայաստանը շատ կը սիրէ:
Յունուարէն միչեւ Օգոստոս ամիսը, Իզապէլը Ռատիօ Ֆրանսի կազմակերպած երաժշտական փառատօններուն, որպէս վաճառքի գործակալ կ’աշխատի: Տարուայ միւս ամիսները իր սիրած գործով` քանդակագործութեամբ կը զբաղի: Ան անգլիացի արուեստագէտ Հենրի Մուրիին ոճը շատ կը սիրէ:
Իզապէլը գեղարուեստական բաժինը աւարտած է, իսկ 2003ին որոշած է ուսումը շարունակել: Ան ընդունուած է արուեստի պատմութիւն բաժինը եւ աւարտելով իր ուսումը, ստացած է հաղորդակցութեան ոլորտի մագիստրոսի կոչում:
Իզապէլի ապրած քաղաքը հայեր շատ չկան, բայց հայկական պզտիկ միութիւն մը կայ: Ան երբեմն հոն կ’ երթայ հայկական ճաշեր ուտելու, հայկական պարերը դիտելու եւ անձամբ պարելու:
Իր պատմութիւնը Հայաստանի հետ սկսաւ այն ժամանակ երբ ան World Vision կազմակերպութեան միջոցով Վարդէնիս քաղաքէն աղջկայ մը հովանաւորեց: 2008ին որոշեց Հայաստան գալ տեսնելու կատարուած աշխատանքը: Այդ օրէն ալ ան սիրահարուեցաւ Հայաստանին: «Կարծես տուն վերադարձայ , վերադարձայ իմ երկիրս, Հայաստանը ինծի շատ մօտ էր»,- Իզապէլը ըսաւ:
Վերադառնալով Ֆրանսա՝ որոշեց հայերէն սորվիլ: Ան հետեւեցաւ Assimil ինքնուրոյն ուսուցման մեթոտին: Այնուհետեւ, 2011ին Աշնանը նորէն Հայաստան եկաւ` հայերէնը կիրառելու եւ որոշ կամաւորական աշխատանքներ կատարելու:
Ան 3 շաբաթ Հրազդանի Օրբելիի անուան դպրոցին մէջ ֆրանսերէն դասաւանդեց: Ետքը ան Espace Kaza հասարակական կազմակերպութեան հետ աշխատեցաւ, ուր դասախօսութիւններ տուաւ ֆրանսիական արուեստի պատմութեան մասին եւ օտար լեզուներ սորվելու համար տարբեր խաղեր կազմակերպեց: Իզապէլը այդ օրերը միշտ մեծ ուրախութեամբ կը յիշէ:
Իզապէլը Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին համացանցով իմացաւ: Ան կայքէջ այցելեց եւ արձանագրուեցաւ: Առաջին անգամ արձանագրուեցաւ հայկական ճարտարապետութեան դասընթացքին: Բոլոր մակարդակները աւարտելէն ետք սկսաւ արեւելահայերէնի դասընթացքին մասնակցիլ: Ան արդէն 3 մակարդակը աւարտեր է, սակայն կարճ դադար տուաւ Հայոց պատմութիւն սորվելու համար: Ան նաեւ հետաքրքրուած է ՀՀՀի վերջերս մեկնարկած ճատրակի օնլայն դասընթացքով , որուն արդէն արձանագրուած է: «ՀՀՀն շատ կարեւոր հաստատութիւն մըն է, որովհետեւ աշխարհին մէջ ուրիշ դպրոց մը, կամ ալ համալսարան մը չկայ, որը կրնայ հայկական օնլայն կրթութիւն առաջարկել»,-ըսաւ Իզապէլը:
Հարաւային Ֆրանսա ապրող անձ մը, ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուած ըլլայ Հայաստանով եւ հայոց լեզուով, կը հարցնէր թերահաւատ մէկը: Իզապէլի պատասխանը շատ յստակ էր. Ան սիրահարուած էր այդ ժողովուրդին: «Ամեն անգամ, երբ Հայաստան ըլլամ շատերը կը հարցնեն արդեօք ես հա՞յ եմ, որովհետեւ հայերուն շատ կը նմանիմ »:
Իզապէլը դեռ չի գիտէր թէ ինչ պիտի ընէ Հայաստանի մասին այսքան տեղեկութիւններ ստանալէն ետքը: Գուցէ Հայաստան ապրի քանի մը տարի, գուցէ շարունակէ իր կամաւորական աշխատանքները: Ան արդէն շատ ընկերներ ունի` իր ուսուցիչները եւ ՀՀՀի դասընկերները : Ան կը համարէ, որ Հայաստանը լաւագոյնին արժանի է եւ այդ լաւագոյն ալ ան կը փափաքի տալ այն երկրին, որուն շատ կը սիրէ:
Յարութ Եկմանեան
Քանդակագործ՝ Իզապէլ Քազըժիւսդ