Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ճատրակի համահայկական 3-րդ ճամբարն ու մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 24-Սեպտեմբեր 2, մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:
Փակման արարողութեան ներկայ էին պատուաւոր հիւրեր Ճատրակի միջազգային ֆետերացիայէն (FIDE), ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանէն, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայէն, մեծ թիւով ճատրակորդներ եւ ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կարի Գասպարովի նման աշխարհահռչակ դէմքեր:
Մրցանակակիրներու անունները յայտարարուեցաւ փակման արարողութեան ընթացքին: Այսպէս.
Մրցանքի յաղթողներն ու աշխոյժ մասնակիցները վկայականներ եւ մրցանակներ ստացան։
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած Ճատրակի համահայկական 3-րդ ճամբար-մրցաշարքը համախմբեց 8-18 տարեկան շուրջ 340 հայ պատանի՝ 20 երկրէ։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան ողջոյնի խօսքով դիմեց ներկաներուն. «Երկու տարի առաջ՝ համավարակի ընթացքին, նախաձեռնեցինք այս մրցաշարքը, մարդոց համախմբելու եւ հաղորդակցելու առիթ տալու միտումով»։ Ապա, անդրադառնալով ՀՀՀ-ի Ճատրակի համահայկական համայնքին, ըսաւ. «Այժմ մենք ունինք ճատրակի համահայկական համայնք, որ կազմուած է ճատրակ սիրող աւելի քան 1200 անդամներէ»:
1985-2000 թուականներու ճատրակի աշխարհի ախոյեան Կարի Գասպարովը շեշտեց․ «Ես շատ ուրախ եմ, որ այս մրցաշարքին ճատրակ սիրող մեծ թիւով հայ պատանիներ կը մասնակցին: Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ պայքարած եւ գոյատեւած է իր մտաւոր արժէքներուն շնորհիւ. կը կարծեմ, որ այսպիսի մրցանքի մասնակցիլը շատ կարեւոր է: Այսպիսի մրցաշարքեր ցոյց կու տան, որ ոչինչ կրնայ դէմ կենալ հայ ժողովրդին՝ զարգացնելու իր իմացական արժէքները»:
FIDE-ի փոխնախագահ Միխայիլ Խոդարկովսկին նշեց․ «Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ այսպիսի ձեռնարկի եւ շնորհաւորել յաջողութիւնները: Հայ ճատրակորդները միշտ փայլուն դիրք կը գրաւեն աշխարհի երիտասարդական եւեւրոպական մրցանքներուն, ինչպէս նաեւ ճատրակի աշխարհի ողիմպիականին»:
Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, FIDE-ի «Ճատրակը կրթութեան մէջ» յանձնաժողովի նախագահ Սմբատ Լպուտեանն ըսաւ. «Խորին շնորհակալութիւն Հայկական Համացանցային Համալսարանին, որ արդէն 3-րդ տարին ըլլալով մեծ սիրով եւ մեծ ցանկութեամբ մեր երեխաներուն համար կ'իրականացնէ այս կարեւոր եւ հետաքրքրական մրցաշարքը։ Ճատրակի ակադեմիան մեծ ուրախութեամբ կը համագործակցի ՀՀՀ-ի հետ. այդ համագործակցութիւնը միշտ արդիւնաւէտ եղած է»:
Ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով: Կիսաեզրափակիչ խաղերը ընթացան ըստ 4 տարածաշրջաններու՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Ռուսիա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ, Ասիա եւ Ովկիանիայի երկրներ, Հայաստան եւ Արցախ։ Լաւագոյն 20 մասնակիցները անցան եզրափակիչ հանգրուան՝ մրցելու առաջին երեք դիրքերու համար:
Մրցաշարքի մասնակիցները գոհ էին եւ շնորհակալ: Անոնք ուրախ էին, որ մասնակցելու, սորվելու, ճատրակորդներէն գիտելիքներ ստանալու եւ նոր ընկերներու ծանօթանալու հնարաւորութիւնն ունեցան:
Փակման արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի ճատրակորդ Մանուէլ Պետրոսեանն ու Սամուէլ Տէր-Սահակեանը իրարու հետ ճատրակ խաղցան: Ապա, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման խաղ մը եւ ճիշդ պատասխաններով հանդէս եկողները մրցանակներ շահեցան:
Ճատրակի համահայկական 3-րդ ճամբար-մրցաշարքը համախմբեց աշխարհի տարածքի ճատրակասէր հայ պատանիները՝ նպաստելով այս խաղի կրթութեան զարգացմանն ու տարածմանը: Համոզուած ենք, որ այս մրցաշարքը յառաջիկայ տարիներուն եւս մեծ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ:
Ճատրակի համահայկական 3-րդ ճամբար-մրցաշարքի տեսանիւթը կրնաք այստեղ տեսնել։