login
Յօդուածներ
«STEP.ai-արհեստական բանականութիւն» ուսումնական ծրագիրը հաստատուեցաւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ 09/26/2025

4 Սեպտեմբեր 2025 -ին «STEP.ai» գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան կրթական եռամեայ ծրագիրը հաստատուեցաւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (ԿԳՄՍՆ) նախարարութեան կողմէ՝ որպէս 3 տարուան տեւողութեամբ ընթացուող ընտրովի առարկայ:

 

Աւագ դպրոցներէն ներս «STEP.ai» ուսումնական ծրագիրի կիրառումը սկիզբ առած է Հոկտեմբեր 2024-ին, ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրիասեանի, Սինոփսիս Արմենիայի տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանի, ՀԲԸՄ Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր նախագահ եւ Սինոփսիս Արմենիայի նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի եւ ՏՀՏԳՄ գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեանի միջեւ ստորագրուած «Հանրակրթական ուսումնական եւ միջին մասնագիտական հաստատութիւններէն ներս «STEP» (Գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան կրթական ծրագիր) ծրագիրի ներդրման վերաբերեալ» յուշագրէն ետք։

 

2025-2026 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Հայաստանի 15 աւագ դպրոցներ պիտի միանան ծրագիրին եւ աշակերտները պիտի սորվին արհեստական բանականութեան եւ մեքենայական ուսուցման հիմունքները։ Եռամեայ ծրագիրի ընթացքին 10-րդ կարգի աշակերտները պիտի ուսումնասիրեն «Արհեստական բանականութիւն եւ Python», 11-րդ կարգի աշակերտները՝ «Մեքենայական ուսուցում», իսկ 12-րդ կարգի աշակերտները՝ «Բնական լեզուի մշակում եւ ռոպոթաշինութիւն»։


Առցանց եւ առկայ ուսուցման մեթոտներով պատրաստուած բազմաբնոյթ եւ ներգործօն տեսադասերը մշակուած են ՀԲԸՄ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) ԱԲ մասնագէտի եւ դպրոցի ուսուցիչի համատեղ ջանքով: Դասաւանդումը կ'ընթանայ ՀԲԸՄ ՀՀՀ թուային հարթակով։

 

Շեշտելով այս ծրագիրի կարեւորութիւնը, դոկտ. Զօրեան կը նշէ. «Աշխարհը արագ կը զարգանայ: Մենք, որպէս արագ զարգացող աշխարհի մէկ մաս, պէտք է կիրառենք արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւնները եւ ըլլանք անոր ստեղծողը»։

 

«STEP.ai» ծրագիրը սկիզբ առած է 2022-ին, ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, Հայաստանի «Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան», «Սինոփսիս» հիմնադրամի, Սինոփսիս Արմենիայի (կրթական բաժնի) եւ ՀԲԸՄ Հայկական համացանցային համալսարանի համատեղ ջանքերով:

 

«STEP.ai» ծրագիրի նպատակն է ապահովել նոր սերունդը անհրաժեշտ գիտելիքներով եւ հմտութիւններով, որպէսզի հասկնան արհեստական բանականութեան հիմնարար սկզբունքները, կիրառութիւնը եւ նպաստեն Հայաստանի ԳՏՃՄ (STEM) կրթութեան զարգացման: