Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) ձեռնարկներու շարքով մը կը շարունակէ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ հայկական կրթութեան զարգացման եւ տարածման գործին մէջ. անոնք կը նպաստեն ազգային կրթութեան մարտահրաւէրներու, ուսուցման նոր ձեւաչափերու շուրջ մասնագիտական քննարկումներու եւ համագործակցութեան ոլորտներու որոնման:
2025-ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն ՀՀՀ-ն կազմակերպեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան (Փետրուար 21), նուիրուած առցանց աշխատանիստերու շարք մը, ուր մատնանշուեցան սփիւռքի մէջ հայերէնի պահպանման եւ դասաւանդման կարեւորագոյն հարցերը:
Առցանց աշխատանիստերը կազմակերպուած էին ՀՀՀ-ի «Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներ» հարթակի ծիրէն ներս, որ կը համախմբէ ամբողջ աշխարհէն աւելի քան 1500 հայ մանկավարժներ եւ կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներ. առիթ ստեղծելով մասնագիտական երկխօսութեան, փորձի փոխանակման եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու:
Առցանց աշխատանիստերու նիւթերն էին՝
ՀԲԸՄ փոխնախագահ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր-նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ․ «Մայրենի լեզուի միջազգային օրը մեր աշխարհատարած հայութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մեր լեզուն պահպանելը, զարգացնելը եւ տարածելը ինչ-որ առումով բոլորիս պարտականութիւնն է, ինչպէս հայրենիքի մէջ, այնպէս ալ սփիւռքի տարածքին։ ՀԲԸՄ-ի համար, հիմնադրման օրէն մինչեւ այսօր, կրթական ոլորտը իր հիմնասիւնը եղած է։ Այդ նպատակով ՀԲԸՄ-ի հայկական դպրոցները կը գործեն հայկական մեծ գաղթօճախներու մէջ, իսկ Հայկական Համացանցային Համալսարանի միջոցով գործակցութեան հնարաւորութիւն կը ստեղծուի սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն միջեւ։ Ուրախ եմ, որ Համահայկական կրթական ֆորումը կրկին մեզ միաւորեց՝ քննարկելու հայկական կրթութեան հարցերը եւ խորհրդակցելու համագործակցութեան ուղիներու շուրջ»։
Առցանց աշխատանիստերը իրենց շուրջ համախմբեցին լայն լսարան մը, ուր կային հայ մանկավարժներ տարբեր երկիրներէ՝ ԱՄՆ-էն Արժանթինէն, Եւրոպայէն, Ռուսիայն եւ Հայաստանէն, ինչ որ կը վկայէ նման նախաձեռնութեան մը համահայկական կարեւորութեան մասին: Հրաւիրուած բանախօսներու ելոյթներուն յաջորդեցին հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի եւ հայրենագիտութեան դասաւանդման հետ կապուած մարտահրաւէրներու եւ լուծումներու շուրջ:
Դիտեցէ՛ք առցանց լսարանի տեսագրութիւնները․
«Սփյուռքի դպրոցներում կիրառվող ուսումնական նյութերի նոր ձևաչափ»
Բանախոս՝ մ.գ.թ., դոցենտ Աստղիկ Բալայան
«Ժամանակակից արևմտահայերեն մամուլի լեզուն»
Բանախոս՝ ԵՊՀ հայ բանասիրության ֆակուլտետի արևմտահայերենի դասախոս, ԳԱԱ Լեզվի ինստիտուտի Արևմտահայերենի բաժնի գիտաշխատող Ավետիս Ափոշյան
«Հայերենի ուսուցման նոր միտումներ. միջսփյուռքյան դիտարկումներ»
Բանախոս՝ բ.գ.թ., դոցենտ, ՀՀ ԳԱԱ գիտակրթական միջազգային կենտրոնի գիտական քարտուղար, Լեզվաբանության ամբիոնի վարիչ, ՀՀ ԳԱԱ լեզվի ինստիտուտի ավագ գիտաշխատող Մերի Սարգսյան
«Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներ» հարթակը մեկնարկեց 2020 -ին, երբ ՀՀՀ-ի եւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան (ԿԳՄՍՆ) համատեղ ջանքերով առաջին անգամ առցանց կազմակերպուեցաւ Համահայկական կրթական խորհրդաժողովը։
Յաջորդող տարիներուն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ն ԿԳՄՍ նախարարութեան, ԳԱԱ Լեզուի ինստիտուտի եւ այդ ոլորտի մասնագէտներու ու կազմակերպութիւններու հետ համատեղ կազմակերպեց բազմաթիւ առցանց աշխատանիստեր եւ քննարկումներ, որոնք նուիրուած էին աշխարհի տարածքին հայերէնի տարածման, պահպանման եւ հայկական կրթութեան զարգացման խնդիրներուն:
Դիտեցէ՛ք «Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներ» հարթակը ներկայացնող տեսանիւթը։
«Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներ» հարթակին կրնաք միանալ այս յղումով։