Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

20 Մարտ 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ էր «Սփիւռքի Տարուան» համակարգող յանձնախումբի անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը։ Նշենք, որ Արամ Ա. հայրապետը 2022 թուականը հռչակած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»:
Դոկտ․ Զօրեան մասնակցեցաւ «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ի առիթով Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած աշխարհատարած առաջին խորհրդակցութեան։
Անդրադառնալով երեւութական միջավայրի եւ առցանց հաղորդակցութեան երեւոյթներուն, Դոկտ․ Զօրեան խօսեցաւ ՀՀՀ-ի մասին ցոյց տալով, որ ան, ոչ միայն կրթութեան, հաղորդակցութեան եւ մասնագիտական զարգացման հարթակ է, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ համայնքներու եւ հայորդիներու միջեւ կապ հաստատելու լաւագոյն միջոց:
Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ ճարտարգիտութեան դերին եւ հայկական աշխարհի տարբեր բնագաւառներու մասնագիտական մարդուժը զիրար կապակցելու հրամայականին մասին։ Ան բարձր գնահատեց դոկտ․ Զօրեանի կատարած աշխատանքները եւ բերած նպաստը՝ այս մարզէն ներս:
Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր, որ ինք իբրեւ մասնագէտ նկատի առնուած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ի ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ներդրումը բերելու յառաջիկային տեղի ունենալիք քննարկումներուն եւ աշխատանոցներուն։