login
Յօդուածներ
Իրազեկում կրթութեան միջոցով. ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ջանքերը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ տարածելու կապակցութեամբ 05/25/2025

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առցանց տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տարածելու միտումով:

 

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) կազմակերպած ձեռնարկներն են. Ցեղասպանութեան թանգարան ինստիտուտի առցանց այցելութիւններ, հանդիպումներ եւ գիտաժողովներ՝ պատմաբաններու, մասնագէտներու եւ ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգներու մասնակցութեամբ:  
 

Կարեւոր նախաձեռնութիւններէն են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի առցանց այցելութիւնը, Ցեղասպանութենէն վերապրածներու պատմութիւններուն նուիրուած  Վերապրումի եւ գոյառումի երթը ծրագիրը,  ինչպէս նաեւ Տիանա Աբգարի եւ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի նուիրուած առցանց հանդիպումները (ՀՀՀ Կրթական հարթակ): Տեղի ունեցած են նաեւ միջազգային գիտաժողովներ եւ հետաքրքրական ծրագիրներ, ինչպէս՝ պատմութեան ուսուցումը արուեստի եւ աշխարհագրութեան միջոցով: 
 

3 Մայիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ առցանց աշխատանիստ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակին նուիրուած: Օրուան բանախօսը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի Վահագն Տատրեանի անուան Համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի ղեկավար, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային հանցագործութիւններու կանխարգիլման ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամպիոնի վարիչ Սուրէն Մանուկեանն էր: Ան ներկայացուց  «Յեղափոխութենէն փանթուրքիզմ. Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներ»ը: 
 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, արդէն աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, հայագիտական կրթութեան ոլորտի մէջ նորարար  մօտեցումներ կ'առաջարկէ, նպաստելով պատմութեան պահպանման: Կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն եւ իրագործուած ծրագիրներուն անվճար կրնան հետեւիլ բոլոր ուսանողները եւ կրթութեան ոլորտի մասնագէտները:

 

Նախաձեռնութիւններուն նուիրուած ամփոփ տեսանիւթը կրնաք տեսնել այստեղ:  
 

Միացէ՛ք ՀՀՀ Կրթական հարթակին