Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Մէկօրեայ կրթական ցուցահանդէսը կազմակերպած էր ARMACADը 2001 թուականին հիմնուած«Լեզուի Օրուան» առիթով: Հասարակութեան համար բաց եւ անվճար այս ցուցահանդէսը լեզուի դասաւանդման բազմաթիւ եւ տարատեսակ ձեռնարկներ կը ներկայացնէր: Անոր մասնակցած չորս կազմակերպութիւններէն մին ՀՀՀն էր: Միւս մասնակիցներն էին՝ Բրիտանական Խորհուրդը, DAADն եւ Alliance Francaise D’Armenie ն:
Ֆրանսական Համալսարանի Տնօրէն Ճոէլ լէ Մորզելէք բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմեն Աշոտեան, Հայաստանի մօտ եւրոպական պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ տէ Լեզենպերգէր, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Սերժ Սմէսով, Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիոյ դեսպան Շառլ Լոնստայիլ եւ Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Հանց Ճոհան Շմիդտ: