login
Յօդուածներ
Թուրքիոյ Ծպտեալ Հայերու Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ 08/05/2015
5 Օգոստոս 2015 -ին ՀՀՀ-ն, հիւրընկալեց Թուրքիայէն ժամանած 80 ծպտեալ հայեր, որոնք Հայաստան եկած էին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրի միջոցով: Բացայայտելով իրենց ազգային ինքնութիւնը` անոնք կը փնտռէին միջոցներ եւ հնարաւորութիւններ նախնիներու լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեանը վերադառնալու համար: Այս առումով այն, ինչ կ՜առաջարկէ ՀՀՀ-ն՝ կատարեալ է: Վերածնունդ ծրագիրի նուիրեալ հիմնադիր Ռաֆֆի Պետրոսեանը խումբը ղեկավարած է Հայաստանի մէջ եւ օգնած է վերագտնելու խումբի անդամներու հայկական արմատները, լեզուն եւ մշակոյթը: Խումբին մէջ կը գտնուէին որբացած, թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ բռնի իսլամացած, 1915 թուականի հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յետնորդները: Անոնք, իրենց կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, բացայայտած են հայկական ծագումը, քաջութեամբ խօսած են արմատներու մասին եւ այցելած են իրենց հայրենիքը: Խումբի անդամները տարբեր տարիքի էին` 15-70 եւ եկած էին Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն` Համշէնէն, Տիարպեքիրէն, Տերսիմէն, եւ այլն: Անոնց մէջ կային տարբեր խաւի եւ մակարդակի մարդիկ՝ ուսուցիչներ, փաստաբաններ, տնային տնտեսուհիներ եւ թոշակառուներ: Անոնց հայերէն լեզուի իմացութեան մակարդակն ալ տարբեր էր. համշէնահայերը կը խօսէին հայկական բարբառով, իսկ մնացածը՝ թրքերէն: Ոմանք քանի մը արեւմտահայերէն բառ գիտէին միայն: ՀՀՀ-ի դասաւանդման լեզուներու մէջ թրքերէնը նեգրաւուած է յատկապես այս մարդոց համար, որպէսզի հայկական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունենան, նաեւ, Թուրքիոյ ծպտեալ հայերը: Հայաստանէն մեկնելէ ետք, անոնցմէ շատեր արձանագրուեցան ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: