login
Յօդուածներ
Ժառանգութեան Եւ Յիշատակման Նուիրուած Սեմինար Պուտաբեշտի Մէջ 10/16/2015
Հոկտեմբեր 16- 18-ը Պուտաբեշտի մէջ «Եւրոպայի Սփիւռք» ծրագիրի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւն Եւ Յիշատակում» խորագիրով սեմինար: Սեմինարը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Եւրոպայի ՀԲԸՄ –ի, Phiren Amenca եւ EUJS-ի 33 մասնակիցներու։ Նպատակն էր քննարկել սփիւռքի մշակութային ժառանգը: Քննարկումներու ընթացքին բանախօսները յայտնեցին իրենց տեսակէտները, թէ ինչպէս կարելի է պահպանել մշակութային ժառանգը եւ աւելի ճանաչելի դարձնել Եւրոպայի մէջ : Հայկական սփիւռքի հետ ունեցած աշխատանքային փորձառութենէն թելադրուած, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան փաստեց. «Մշակութային ժառանգը սերունդէ սերունդ փոխանցուած հարստութիւն է, եթէ պատրաստ ես զայն ընդունելու: Այդ ժառանգը շղթայի մէկ օղակն է: Եթէ այն կտրուի, մնացածը կրնայ անհետանալ: Ես կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր սերունդ այդ շղթայի մէկ մասնիկն է եւ պարտի պահպանել ու փոխանցել զայն յաջորդ սերունդներուն»: Յաջորդ կարեւոր նիւթը, որ քննարկուեցաւ, նուիրուած էր Եւրոպայի մէջ սփիւռքի առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն: Ըստ մասնակիցներուն, խնդիրները լուծելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը գաղութներու փոխհամագործակցութիւնն է, զիրար աջակցիլը, ազգային մշակութային ժառանգը պահպանելու եւ Եւրոպայի պատմութեան մէջ հետք ձգելու համար: Այս առումով, շատ կարեւոր է պահպանել ազգային կրթութիւնը սփիւռքի դպրոցներուն մէջ: Այս նիւթին մասին զեկուցողները հանդէս եկան տարբեր ելոյթներով։ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան ներկայացուց ՀՀՀ-ի յաջողութիւնները, ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ազգային կրթութիւնը տարածելու համար, առցանց կրթութեան ունեցած դերը: Պուտաբեշտի մէջ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը առիթ ունեցաւ հանդիպելու հայկական գաղութի ղեկավարներէն` Ալեքս Աւաննէսեանին, Սօսի Սուսանեանին եւ Երանեակ Օկանովին: Անոնք ներկայացուցին գաղութի խնդիրները եւ քննարկեցին ՀՀՀ-ի կարելիութիւնը եւ տուեալ խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւնը: Դոկտ. Զօրեանը այցելեց Պուտաբեշտի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին եւ հայկական թանգարանը: Բոլոր այցելութիւններուն յաջորդեցին քննարկումներ, ՀՀՀ-ի հետ համագործակցութեան յետագայ ծրագիրներուն մասին։ Ծրագիրներ, որոնք հաստատ պիտի նպաստեն Եւրոպայի մէջ այզգային կրթութեան տարածմանը եւ հայրենիքէն հեռու, հայկական ինքնութեան պահպանմանը: