login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովին 09/19/2014
19-20-Սեպտեմբեր, 2014, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ, նաեւ, Հայկական Համացանցային համալսարանը(ՀՀՀ): Համաժողովին ներկայ էին, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, աւելի քան 1000 ներկայացուցիչներ՝ պետական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, ակադեմիկոսներ, լրագրողներ, գործարարներ եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: ‹‹Հայաստան-Սփիւռք Համագործակցութեան Ընթացիկ Ծրագիրները Եւ Հեռանկարները›› բնաբանով առաջնորդուած նիստի ընթացքին, Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի կարեւոր դերը: Ան անդրադարձաւ ՀՀՀ-ի որդեգրած առաքելութեանն ու գործունէութեանը, այն համընդհանուր խնդիրներու պարունակէն ներս, որոնք այսօր ծառացած են սփիւռքի առջեւ: Ապա, ՀՀՀ-ն ներկայացուց որպէս ‹‹սփիւռքն ու Հայաստանը զիրար միացնող կամուրջ››, որ հնարաւորութիւն կու տայ հայերուն աւելի մերձենալու իրենց մշակութային ժառանգութեանը, պատմական անցեալին , դիմակալելով առկայ մարտահրաւէրները: Դոկտոր Երուանդ Զօրեան նշեց, որ ՀՀՀ-ի դասընթացքները, կրթական- ուսումնական նպատակներէն բացի, կը ծառայեն որպէս միջոց, ամրապնդելու եւ զարգացնելու Հայաստան- Սփիւռք համագործակցութիւնը եւ իրականացնելու բազմաթիւ ծրագիրներ՝ հայկական գաղութներու մէջ: Համաժողովի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու ‹‹ՀՀՀ Հեռուստադպրոց›› հեռատեսիլային նախագիծին, որ իրականացած է Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան համատեղ ջանքերով: Այս նախագիծը կը հեռարձակուի Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային կապով։ Ծրագիրը հիանալի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հայրենիքէն հեռու բնակող սփիւռքահայերուն՝ սորվելու իրենց մայրենի լեզուն: Նիստին զուգահեռ , հայրենի եւ սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններ, ծանօթացուցին իրենց գործունէութիւնները ‹‹Ցուցահանդէս Բաց Երկինքի Տակ›› ընդհանուր վերնագիրի տակ: Հայկական Համացանցային Համալսարանը ներկայացուց իր ծրագիրի լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան դասընթացքները, ինչպէս նաեւ իր նոր բազմաբնոյթ ճարտարագիտական ելեկտրոնային գիրքերու շարքի առաջին թողարկումը`‹‹Հայկական Բարձրաւանդակը››: Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը կարեւոր քայլ էր նոր կապեր հաստատելու, փոխյարաբերութիւններ ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր նպատակներու իրագործմանը հետամուտ ըլլալու առումով: