login
Յօդուածներ
ՀՀՀ Հեռուստադպրոց 02/13/2015
Հեռուստադպրոցի վերջին դասի նկարահանումի ընթացքին, ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ըսաւ. «Աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 10 միլիոն հայ կայ եւ մեր մեծագոյն նպատակն է, տեսնել, որ բոլորը հայերէն կը խօսին»: Արդէն հինգ տարիէ, համալսարանի հիմնադրման առաջին օրէն, ՀՀՀ-ի անձնակազմը կ՚առաջնորդուի հայերէն լեզուի սէրը իւրաքանչիւր հայու մէջ սերմանելու գաղափարով։ ՀՀՀ-ն փորձեց գտնել կարելի բոլոր միջոցները՝ մայրենի լեզուով խօսելու հնարաւորութիւնն ընձեռելու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հասանելի դառնալու համար: Առ այդ, հեռուստադպրոց նախագիծը համագործակցութեան հիանալի առիթ հանդիսացաւ՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջեւ: Ընդ որում, միայն համատեղ ջանքերու շնորհիւ կարելի եղաւ ծրագիրի մեկնարկումն ու յաջող ընթացքը ապահովել: 2014-ը սկսաւ լարուած եւ ծանր աշխատանքով։ Պէտք է որ գտնուէր ծրագիրի իրականացման ճիշդ ձեւը: ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՀՀ-ի անձնակազմերը, Սփիւռքի Նախարարութեան աշխատակիցներու հետ միասին կը փորձէին ստեղծել այնպիսի ծրագիր մը, որ կը բաւարարէր հեռուստալսարանի պահանջքները եւ միաժամանկ կը հանդիսանար լաւ միջոց մը՝ լեզու սորվելու համար: Աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Եւ այսպէս, հեռուստադասարանի նիւթի հիմքը ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքներն հանդիսացան, պատշաճեցուած հեռուստատեսային ձեւաչափերուն, նկատի ունենալով հեռուստադասի սահմանափակ ժամանակը եւ լսարանի կարիքները: Բաւականին արդիական հեռուստածրագիր ստեղծելու համար անհրաժեշտ եղաւ աշխատիլ, մօտաւորապէս, կէս տարի։ Ծրագիրը, իր ուսուցման մօտեցումներով, շատ կը տարբերուի այլ հեռուստածրագիրներէն: Լեզուի ուսուցման միւս հեռուստածրագիրերուն պէս, այս մէկը եւս ունի հաղորդավար։ Ան կ՚ուղեկցի եւ կ՚օգնէ հեռուստադիտողներուն՝ ամբողջ ծրագիրի ընթացքին: Բայց, ուսանողները կրնան յաւելեալ նիւթերէն օգտուիլ՝ հեռարձակուած ծրագիրէն բացի: Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը կը նշէ. « Ի տարբերութիւն հեռուստատեսութեան, որ միակողմանի հաղորդակցութեան միջոց է , համացանցը երկկողմանի կապ կը ստեղծէ: Այս պարագային հեռուստատեսութիւնը կ՚ապահովէ ծրագիրի իրազեկման լայն շրջանակ։ Առաւել, ՀՀՀ կայք տեղադրուած հեռուստադպրոց էջին վրայ երկխօսութիւն մը կը սկսի ուսանող-հեռուստադիտողներու եւ ՀՀՀ օնլայն ուսուցիչներու միջեւ»։ Հեռուստադպրոցն առաւել գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնելու համար, դասերը կ՚օժտուին նոր բեմադրուած երկխօսութիւններով, որոնց դերասանները հայոց լեզուի անմիջական կրողներն են եւ զրոյցներ կը վարեն տարբեր նիւթերու շուրջ: ՀՀՀ կայքի ՀՀՀ հեռուստադպրոց էջ տեղադրուած խաղերը հնարաւորութիւն կու տան հեռուստադիտողներուն կիրառել ստացած գիտելիքները՝ օգտագործելով նոր սորված տառերն ու բառերը, մասնակցելով եւ յաղթելով շաբաթական մրցոյթներուն: Մրցոյթներու ամենաաշխոյժ մասնակիցներէն են՝ Երանուհի Կալոյեանը, Հայկ Կատիեանը եւ Օքսանա Մատվէենկօն։ ՀՀՀ հեռուստադպրոցի առաջին հանգրուանը ընդգրկեց հայոց լեզուի դասընթացքի առաջին չորս մակարդակները, այնպէս, ինչպէս զետեղուած է ՀՀՀ կայք՝ արեւելահայերէն սկսնակներու համար, տարրական արեւելահայերէն, արեւելահայերէնի նախա-միջին մակարդակ եւ միջին մակարդակ: Ծրագիրի հետեւող խումբն անգլիախօս էր, այդ իսկ պատճառով հեռուստածրագիրի լեզուն անգլերէնն էր: Ծրագիրը ցուցադրուեցաւ բաւականին լայն ծածկոյթ ունեցող Հանրային Հեռուստաընկերութեան արբանեակային ալիքով: Դոկտ. Ե. Զօրեան կ՚ընդգծէ. «Հանրային Հեռուստաընկերութեան շնորհիւ ՀՀՀ հեռուստադպրոց էջն այցելուներ ունեցաւ աշխարհի այնպիսի երկրներէն, ուրկէ նախապէս չէինք ունեցած»։ Ծրագիրի յաջողութիւնները կը վկայեն անոր արդիւնաւէտութիւնը: Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կը հաստատէ. «Մենք օգտագործեցինք տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, այս պարագային, օնլայն դասընթացքներու եւ հեռուստատեսութեան ուժը։ Արդիւնքն ակնյայտ է: Տարբեր գաղութներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները կը հետեւին ծրագիրին։ Դասերու մատուցման այս ձեւը արդիւնաւէտ է եւ ողջունելի: Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի նախաշեմին պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի հայոց լեզուն սորվեցնենք սփիւռքահայերուն, քանի որ լեզուն, հայրենիքէ հեռու ապրողներուն, ազգային ինքնութեան պահպանման մեծագոյն կռուանն է»: Ծրագիրի յաջողութիւնը եւ դրական կարծիքները մեծ ոգեւորութիւն առաջացուցին։ Հեռուստադպրոցի անձնակազմը, որոշեց ծրագիրը համալրել դասընթացքի բարձր մակարդակներով եւ աւելի մեծ լսարաններով: Ապագային Հանրային Հեռուստաընկերութեան արբանեակային ալիքի հեռուստադիտողները հնարաւորութիւն կ՚ունենան սորվելու հայոց լեզուի բարձր մակարդակները: ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնաց իր առաքելութեանը, աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող մարդոց լիարժէք հայկական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը տրամադրելով ։