Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասերը պատրաստուեցան Հայաստանի Ճատրակի ակադեմիայի եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեամբ: Դասընթացքի նիւթը ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած դասագիրքերու հիման վրայ կազմուած է։ Դասերու հետաքրքրական մատուցումը ապահովուած է առցանց կրթութեան մէջ ՀՀՀ-ի ունեցած փորձառութեան շնորհիւ։ Ծրագիրի նպատակն է զարգացնել ուսանողին հմտութիւնները, կեդրոնացումը, ստեղծագործական եւ ռազմավարական մտածողութիւնը: Ծրագիրն ունի երեք մակարդակ` տարրական, միջին եւ բարձր:
Ծնթ. ՀՀՀ-ի ընդունած սկզբունքին համաձայն, ուսանողը ամէն մէկ բաժինէն կրնայ մէկ դասընթացքի արձանագրուիլ:
Հարցաշարը ամբողջացուցէք, ստուգելու համար իմացութեան մակարդակը։
Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիա
Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիա
Հայկական Համացանցային Համալսարան