login
Միջին մակարդակի ճատրակ – մաս 2
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասընթացքը կը շարունակէ տրամադրել համապարփակ գիտելիքներ՝ ճատրակի մասին։ Այս գիտելիքներու շնորհիւ ուսանողը ճատրակ կը խաղայ՝ գիտելիքներու ընդլայնուած պաշարով։  Դասընթացքը բաղկացած է 8 դասէ, որոնք յաջորդաբար կը ներկայացնեն խաղի հիմնական տարրերու նկարագրութիւնը, տեղեկութիւններ կու տան խաղի օրէնքներու մասին, կը սորվեցնեն զինուոր խաղաքարի վերջնախաղերը, դրութիւններու համեմատումը, նիւթական առաւելութեան իրացումը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հնարներ: Դասընթացքը մատչելի է բոլորին:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ,ճատրակային խաղեր,վարժութիւններ -1-2 ժամ
  • Հարցումներ, առաջադրանքներ - 1-2 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 4-6 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Զինուոր Խաղաքարի Վերջնախաղեր- «Քառակուսիի Կանոն» 
  • Զինուոր Խաղաքարի Վերջնախաղեր - Սատարման Դաշտեր 
  • Զինուոր Խաղաքարի Վերջնախաղեր - ՔայլիՀերթականութեան  Կարեւորութիւնը 
  • Զինուոր Խաղաքարի Վերջնախաղեր - Կրկնակի Սպառնալիք Արքայով
  • Զինուոր Խաղաքարի Վերջնախաղեր -Զինուորներու Մրցավազք 
  • Դրութիւններու Համեմատում 
  • Նիւթական Առաւելութեան Իրացում 
  • Թագուհին Իշխանի (c, f) Զինուորի Դէմ 

 

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կրնան աւելի լաւ խաղալ։  Անոնք հարուստ գիտելիքներ կ՚ունենան ճատրակի հիմնական սկզբունքներու եւ  անոնց ճիշդ կիրառման մասին, ինչպէս նաեւ ճիշդ կը գնահատեն ճատրակի հետ կապուած տարբեր իրավիճակներ։ 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը), առաջադրանքներ, գլուխկոտրուկներ, հարցումներ:

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Մանէ Ադամեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Ուսանողները ճատրակի դասաւանդման եւ խաղալու համար անհրաժեշտ բոլոր մուլթիմետիա միջոցներուն հետ առնչութիւն կ’ ունենան, ինչն ալ  կ’ օգնէ ուսուցումը արդիւնաւէտ դառնալու:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերուն մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու ճատրակի ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Հ. Տ. Թումանեան, Ճատրակ 2, Երեւան 2011