Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ | ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
---|---|---|
Ձմեռ 2025 | Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024 | Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2025 | Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի) | Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2025 | Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի) | Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2025 | Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 21 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի) |
• Խաղի քայլերու նշում, նիւթական առաւելութիւն եւ որակ։
• Սկզբնախաղ։
• Բաց յարձակումի նախապատրաստում։
• Խուսափիլ փակուղիէն։
• Պաշտպանուիլ մաթէն։
• Կատաղի բերդ։
• Թագուհին կեդրոնական զինուորի դէմ։
• Թագուհին եզրային զինուորի դէմ։
Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները ճատրակ խաղալու աւելի լաւ կարելիութիւնը կ՚ունենան, առաւել, հարուստ գիտելիքներ՝ խաղի հիմնական սկզբունքներու եւ ճիշդ կիրառումին մասին։ Անոնք կարողութիւնը կ՚ունենան գնահատելու խաղի տարբեր իրավիճակները։
Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։
Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը), առաջադրանքներ, գլուխկոտրուկներ, հարցումներ:
Միջանկեալ քննութիւն
Աւարտական քննութիւն
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Ուսանողները ճատրակի դասաւանդման եւ խաղալու համար անհրաժեշտ բոլոր մուլթիմետիա միջոցներուն հետ առնչութիւն կ’ ունենան, ինչն ալ կ’ օգնէ ուսուցումը արդիւնաւէտ դառնալու:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերուն մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու ճատրակի ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար: