login
Արեւելահայերէնի սկսնակ մակարդակ
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Արեւելահայերէնի դասընթացքը հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողին բոլոր տառերը ճանչնալու եւ գրելու:  Ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ, որ ուսանողը սորվի գրել եւ կարդալ: Ուսանողը կը սորվի նախադասոթիւններ կազմել, տարբեր երկխօսութիւներ եւ բնագիրներ կարդալ: Իւրաքանչիւր դասի աւարտին ուսանողը կը կատարէ ուսուցողական վարժութիւններ:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Կապի մէջ ըլլան իրարու հետ ֆորումներու, քննարկումներու եւ ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, ձայնաւոր եւ բաղաձայն տառեր, նախադասութիւններ, դերանուններ, էական բայ/ներկայ ժամանկ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, ձայնաւոր եւ բաղաձայն տառեր, նախադասութիւններ, գոյականի թիւ, բայի ներկայ ժամանկ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ուղղախօսութիւն, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ստացական դերանուն, յօդ, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, բայի անցեալ կատարեալ ժամանակ, թուականի ուսուցում, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ցուցական դերանուն, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ածական, երկխօսութիւն, բառապաշար:
  • Հնչիւն-տառ-բառ, բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ուղղախօսութիւն, բայի ապառնի ժամանակ, երկխօսութիւն, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կը սորվին հայոց այբուբենի բոլոր տառերն ու հնչիւնները, կը հասկնան ու կը գործածեն առօրեայ պարզ արտայայտութիւնները: Առաւել առօրեայի մասին խօսելու, իրենք իրենց եւ ուրիշները ներկայացնելու կարելիութիւնը կ'ունենան:զմեն պարզ եւ կարճ տարբեր նախադասութիւններ:

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը (regular program), ամէն շաբաթ մէկ դաս կը տրամադրուի: Ուս. շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Իսկ եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը (slow-mode program), երկու շաբաթը մէկ նոր դաս մը կը տրամադրուի. այս պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: 

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան կրթական հարթակին, պահանջքներուն, կ'ամբողջացնեն անհատական թերթիկը (profile), զիրար կը ծանօթանան, կը մասնակցին ֆորում- քննարկումին եւ խմբային առցանց հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կը նշեն ժամային գօտիները:

 

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-16
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

 

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Ս. Մինասեան, Վ. Ն. Յարութիւնեան, Ն. Ս. Այվազեան, Լ. Վ. Պետրոսեան, Երեւանի պետական համալսարան, Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթ, «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան, 2000)
  • Ս. Գալստեան, «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթներու համար», (Երեւան, 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարեգինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան, 1990)