login
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
Աննախադէպ մասնակցութիւն՝ համահայկական կրթական առցանց խորհրդաժողովին 09/09/2020

Համահայկական կրթական առաջին առցանց խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 22-24 Օգոստոս, 2020-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) առցանց ուսուցման առաջատար հաստատութեան՝ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (ՀՀ ԿԳՄՍ) նախարարութեան համագործակցութեամբ:

Նախորդ ութ խորհրդաժողովները տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ, երկու տարին մէկ անգամ: Այս խորհրդաժողովներու միտումն է քննարկել սփիւռքի հայկական վարժարաններու հիմնախնդիրները , ամրապնդել Հայաստան-սփիւռք կապը եւ համագործակցիլ կրթութեան ոլորտէն ներս: Համաշխարհային թագավարակի պայմաններուն, ինչպէս տարբեր ձեռնարկներ, խորհրդաժողովը եւս տեղի ունեցաւ առցանց, որուն շնորհիւ աշխարհագրական սահմանները վերացան եւ աւելի շատ մասնակիցներ միացան: Համատեղ ջանքերու արդիւնքը բացառիկ էր. 36 երկիրներու կրթական ոլորտէն միացաւ աւելի քան 1300 ներկայացուցիչ՝ ուսուցիչներ, պատասխանատուներ, վարչականներ եւ կրթական մարզով հետաքրքրուողներ: Փաստօրէն 9-րդ խորհրդաժողովը հանդիսացաւ ամենամեծը եւ ամենաբազմազանը:

ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեանը բացման խօսքին մէջ շեշտեց այսպիսի համաժողովներու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կերտելու կարեւորութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ին եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ ու ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանին՝ համագործակցաբար տեղի ունեցած խորհրդաժողովը բածախնդրօրէն կազմակերպուելուն համար:

Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Զօրեանը խօսեցաւ առցանց ուսուցման առաւելութիւններուն մասին: Անդրադարձաւ ՀՀՀ-ի ներգործօն եւ արդի ճարտարագիտութեամբ մատուցած եւ եօթը լեզուներով տրամադրած կրթական ծրագիրներուն, որոնց հետեւած են աւելի քան 25 000 ուսանողներ: Նշեց, որ համաշխարհային համավարակի ընթացքն, եւ թերեւս անոր իսկ պատճառով, ՀՀՀ-ը որպէս առցանց ուսուցման առաջատար հաստատութիւն, հարստացնելով իր գործունէութիւնը, օգնեց յաղթահարելու կրթական ոլորտի մարտահրաւէրները թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛սփիւռքի մէջ, ապահովելով առցանց հաղորդակցութիւնը՝ մասնակիցներուն միջեւ:

«Հայաստան–սփիւռք համագործակցութիւնը covid-19-ի պայմաններուն. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրը կրող եռօրեայ խորհրդաժողովը համախմբեց հիւր-բանախօսներ եւ խօսնակներ՝ կրթական տարբեր ոլորտներէն: 33 փորձագէտներ ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը, ծրագիրները եւ առաջարկները: «Հեռանկարային զրոյցներ» խորագիրի տակ հիւր բանախօսները ներկայացուցին իրենց տեսլականը, գործունէութիւնը , նշեցին խնդիրները եւ հնարաւոր լուծումները: Բոլոր բանախօսներն ալ համայնքային-կրթական կեանքի մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցող նուիրեալ անձնաւորութիւններ են, ինչպէս՝ Ազատուհի Սիմոնեանը (Արցախ), Ռազմիկ Փանոսեանը (Փորթուկալ), Վեր. Փոլ Հայտոսթեանը (Լիբանան), Սեպուհ Ասլանեանը (ԱՄՆ), Արփի Մանուկեանը (Թուրքիա), Գայիանէ Թիւմպալեանը (Սուրիա), Սալբի Ղազարեանը (ԱՄՆ), Մարի Կիւլիւմեանը (ԱՄՆ), Արա Վասիլեանը (Լիբանան) եւ Տաթեւիկ Այվազեանը (Մեծ Պրիթանիա):

Ի դէպ, խորհրդաժողովի ուղիղ հեռարձակումը ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն համար առիթ էր, որ մասնակցին քննարկումներուն եւ ներկայացնեն իրենց կարծիքները: Շատ շատերուն կը մտահոգէր հայերէնը նոր սերունդին ուսուցանելու խնդիրները: Ուստի, դոկտ. Զօրեանը առաջարկեց խորհրդաժողովի առցանց հարթակը օգտագործել քննարկումները շարունակելու, միտքերը փոխանակելու՝ գործնական քայլեր ու լուծումներ մշակելու համար: Առաջարկի արձագանգը դրական էր. մասնակիցները կ'ուզէին իրենց գաղափարները, մօտեցումները եւ առաջարկները ներկայացնել ընդհանուրին եւ գտնել արդիւնաւէտ ուղիներ: Փակման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: Ան շեշտեց, որ 114 տարիէ կրթութիւնը եղած է ՀԲԸՄ-ի առաջնահերթութիւնը , եւ այսօր ալ նոյն հեռանկարով իր ներդրումը ունի նորարարական ծրագիրներու մշակման մէջ, ապահովելով աջակցութիւնը ի նպաստ աշխարհատարած հայերու զարգացող կարիքներու բարեկարգման: Ան բարձր գնահատեց դոկտ. Զօրեանի տեսլականը եւ անձնակազմի անդամներու ջանքերը՝ որոնք օգտագործելով արդի ճարտարագիտութիւնը, կ'իրականացնեն ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը:

Հայաստանի սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը եւ ԿԳՄՍ փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանը նոյնպէս ընդգծեցին ՀՀՀ-ի եւ ԿԳՄՍՆ-ի կազմակերպչական համակարգուած համագործակցութիւնը, մաղթելով յաջողութիւն այն աշխատանքներուն, որոնք կը միտին ներկայացնել հայկական կրթութիւնն ու մշակոյթը՝ ամբողջ աշխարհին:

Համահայկական 9-րդ խորհրդաժողովի ազդեցութիւնը պէտք է խթան հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք կը միտին պահպանել, հարստացնել եւ տարածել հայկական կրթութիւնը:

ՀՀՀ-ի համահայկական խորհրդաժողովի առացանց քննարկումին կրնաք միանալ՝
https://avc-agbu.org/edu/avc-escs-diaspora-conference/registration.html

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը  աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ կը սատարէ հայկական ժառանգութեան պահպանմանը՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով: Ամէն տարի Միութիւնը կ'աջակցի 500,000 հայու՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:

ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեանը, 1906-էն ի վեր կը նպաստէ համայն հայութեան բարգաւաճման:

ՀԲԸՄ-ի եւ անոր աշխարհասփիւռ գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել ՝ https://avc-agbu.org.