Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հենրի Իսրայելեանը Ռուսիա ապրող երրորդ սերունդի հայ է: Ան 1987-ին ծնած է, Մոսկուայէն 500 քմ հեռու գտնուող Վոլոգտա քաղաքը: Իր մեծ հայրը՝ Գրիգոր Հենրի Իսրայելեանը, Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանէն է: Հենրիին հօր ընտանիքը Արցախէն Ելիզաւէտպոլ (Կիրովապատ) գացած է, իսկ մօր ընտանիքը Վոլոգտայէն է, ազգութեամբ՝ ռուս է:
Մեծնալով սովետական միջավայրի մէջ՝ Հենրին իր տան մէջ երբէք չէ խօսած կամ ալ չէ լսած հայերէն: Իր ընտանիքը հեռու էր հայկական մշակոյթէն, լեզուէն եւ աւանդութիւնէն։ «Այն մերժման նման բան մըն էր»,- կ’ ըսէ Հենրին, որը սկսած էր իր մեծ հօրմէ, ով երիտասարդ ժամանակ շատ դժուարութիւններ կրած է Հայաստան երթալով։
Հենրին մեծցաւ առանց կապ ունենալու հայկական շրջապատի, մշակոյթի կամ ալ լեզուի հետ: Իր ծննդավայրը հայկական դպրոց չկար, ուստի յաճախեց ռուսական դպրոց, այնույետեւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ ուսանեցաւ որպէս ելեկտրոնային ճարտարագէտ:
Չնայած դժուար հանգամանքներուն՝ Հենրին չկորսնցուց հայերէն սորվելու իր յոյսը: Համացանցով ան միշտ տեղեկութիւններ կը փնտրէր հայոց լեզուի մասին եւ օր մը՝ մօտաւորպէս մէկ ու կէս տարի առաջ, ան տեղեկութիւններ գտաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին (ՀՀՀ):
Հենրին անմիջապէս արձանագրուեցաւ հայոց լեզուի դասերուն, սակայն զարմանալին այն էր որ ան որոշեց արեւմտահայերէն սորվիլ: Հենրիին ընտանիքը Ղարաբաղէն էր եւ իրէն համար աւելի լաւ եւ դիւրուն կ’ ըլլար եթէ սորվէր արեւելահայերէն : Սակայն Հենրին ուրիշ ձեւ կը մտածէր։
«Ես գիտեմ, որ իմ ընտանիքս նախքան Ռուսիա տեղափոխուիլը արեւելահայերէն խօսած է, բայց ես կը փափաքիմ առաջ արեւմտահայերէն սորվիլ, որովհետեւ այն վտանգուած է: Արեւմտահայերէնը կ’անհետանայ , եթէ մենք չսորվինք եւ չկիրառենք »,─ ըսաւ Հենրին:
Հենրին արդէն արեւմտահայերէն դասընթացքի հինգ մակարդակ, արեւելահայերէնի երեք մակարդակ եւ երկու դասընթացք ալ հայկական երաժշտութիւնէն աւարտեր է :
Ամեն անգամ Հենրին կը նշէ ՀՀՀն, իր օնլայն ուսուցիչներուն՝ Գոհար Գէորգեանին, Մարալ լեւոնեանին եւ Իզապէլլա Յարութիւնեանին մասին խորին յարգանքով եւ հիացմունքով կը խօսի : Ան բարձր կը գնահատէ նաեւ իր եւ ՀՀՀի ուսանողներուն միջեւ ձեւավորուած մտերմիկ հարաբերութիւնները: «ՀՀՀի անձնակազմի վերաբերմունքը իւրաքանչիւր ուսանողի նկատմամբ շատ կարեւոր է եւ շատ ոգեւորիչ»,- ըսաւ Հենրին:
Հայերէն սորվիլը պարզապէս լեզու մը սորվելու համար չէ Հենրիին համար, այն ինքնուսուցման միջոցով կորսուած ինքնութիւնը վերակառուցելու հնարաւորութիւն է: Ան կը հաւատայ, որ այն նաեւ մեր մշակոյթը, լեզուն, հատկապէս արեւմտահայերէնը, եւ աւանդոյթները պահպանելու ճամբան է: Սա Հենրիին համար շատ կարեւոր հարց է, որուն վերաբերեալ շատ յօդուածներ եւ գիտական աշխատանքներ կարդացեր է:
Հենրիին գաղափարները աւելի ամրապնդուեցաւ երբ մասնակցեցաւ նաեւ ՀՀՀ միւս դասընթացքին՝ հայկական երաժշտութեան. «Ես շատ աւելի լաւ հասկցայ հայկական մշակոյթը՝ սորվելով եւ բացայայտելով հայկական երաժշտութիւնը»,- ըսաւ Հենրին:
Սկիզբէն եւ հայերէնի երկու ճիւղերը սորվիլը Հենրիին համար անշուշտ շատ դժուար էր, սակայն ան կրցաւ յաղթահարել այդ դժուարութիւնը Հայկական Համացանցային Համալսարանին ընծայած հնարաւորութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ ։
Յարութ Եկմանեան