login
Ներսէն Հայեացք
Արեան Կանչը 06/15/2015

1/8 տոկոսով հայկական արմատներ ունեցող Լինսի Բեկհէմը, իր հօրենական մեծ մօր հետ ունեցած ջերմ յարաբերութիւններու շնորհիւ, միշտ հետաքրքրուած է ամէն ինչով, որ կապ ունի Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի հետ: Լինսիի հայրը, իր եւ եղբայրներուն մէջ, սերմանած է հայ ըլլալու հպարտութեան զգացումը , անընդհատ հետաքրքրական պատմութիւններ պատմելով ծագումով հայ իրենց մեծ հօր մասին:
 

Լինսին կ՚ապրի Մասաչուսեթսի Ուաթըրթաուն քաղաքէն 30 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, ուր հայկական մեծ գաղութ կայ։    

Իր մեծ մօրմէն սորված է կարկանդակ թխել։ Լինսին իր ընտանիքի հետ միասին յաճախ կ՚այցելէ Ուաթըրթաուն, որպէսզի հայկական նշաբլիթներ, ընկոյզով կարկանդակ եւ չէօրէք պատրաստելու համար անհրաժեշտ բաղադրիչները գնէ:
 

2012-ին, մեծ մօր մահանալէն ետք, Լինսին փնտռեց ծրագիր մը, որուն շնորհիւ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ մօտենալու իր հայկական արմատներուն: Աղջկան` Լիլայի ծնելէն ետք, կարիքն ունէր այնպիսի ուսումնական ծրագիրի մը, որ հակառակ իր զբաղուածութեանը, ճոխ առօրեային, ծրագիրին հետեւելու կարելիութիւնն ունենար։ Յատկապէս, որ ան միեւնոյն ժամանակ կ՚աշխատէր Քուինսի գոլեճի մէջ։
 

Հայկական Համացանցային Համալսարանը բաւարարեց իր պահանջքը:
 

Նախ, Լինսին մասնակցեցաւ ՀՀՀ-ի ճարտարապետութեան դասընթացքներուն, որովհետեւ զինք կը հետաքրքրէր հայկական մշակոյթը։ Ան կը նշէ. ‹‹Երբ հետեւեցայ ճարտարապետութեան դասընթացքին, ոչինչ գիտէի ճարտարապետութեան մասին։ Հետեւաբար ոչինչ կ՚ակնկալէի։ Աւարտելէ ետք, շատ գիտելիքներ ստացայ։ Ճանչցայ արժէքը ճարտարապետութեան, յատկապէս՝ հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութեան››: Ապա, Լինսին կ՚արձանագրուի երաժշտութեան դասընթացքներուն եւ կը ծանօթանայ Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին:
 

Լինսին, այսօր, երբ կը լսէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները , յաճախ կը մտածէ, թէ արդեօ ՞ք իր մեծ հայրը նոյնպէս կը լսէր Կոմիտաս:

Հակառակ անոր, որ ընտանիքին մէջ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր, Լինսին որոշեց արձանագրուիլ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի միջին մակարդակին։ Սկիզբը շատ կը դժուարանար , բայց օնլայն ուսուցչուհի՝ Անիի հետ ունեցած նախափորձը զինք քաջալերեց։ Ան կը նշէ. ‹‹Հայոց այբուբենը սորվիլը ամենադժուար մասն էր, քանի որ իւրայատուկ է եւ ամբողջովին տարբեր՝ անգլերէնէն: Չնայած սկզբնական դժուարութիւններուն` ես հիմա լեզուն շատ կը սիրեմ եւ մեծ հաճոյքով, որոշ բառեր, կը սորվեցնեմ նաեւ իմ երկու տարեկան աղջիկիս››։
 

Վերջերս, մեծ հաճոյքով կարդացած է Զապէլ Եսայեանի ‹‹Սիլիհտարի Այգիներ››ը։ Այս գիրքը իր մէջ հետքրքրութիւն արթնցուցած է հայ գրականութեան հանդէպ։ Կը փափաքի մասնակցիլ, նաեւ, հայ գրականութեան դասընթացքներուն:
 

Ժամանկի ընթացքին Լինսին հոգեպէս կապուեցաւ ՀՀՀ-ին եւ իր օնլայն ուսուցչուհիին. ‹‹ ՀՀՀ-ն իմ երկրորդ ընտանիքս է։ Ամէն մարդ երջանիկ կ՚ըլլայ, եթէ այդ հրաշալի ընտանիքի մէկ մասնիկը կազմէ››:
 

Ան հիացմունքով կ՚արտայայտուի օն լայն ուսուցչուհիին մասին. ‹‹Ես աւելի լաւ օնլայն ուսուցչուհի չէի կրնար ակնկալել: Անին արդէն իմ ընկերուհիներէս մէկն է։ Ան միշտ պատրաստ է օգնելու եւ սորվեցնելու»։
 

Թէեւ, ներկայիս, Հայաստան այցելելու միտք չունի, բայց միշտ ունեցած է այցելելու ցանկութիւնը։ Շատ կը փափաքի տեսնել Անին եւ ՀՀՀ-ի ամբողջ անձնակազմը, ինչպէս նաեւ այն ընկերը, որուն հետ նամակագրական կապի մէջ է, մօտաւորապէս 17 տարիէ:
 

Լինսին կը վկայէ, որ հիմա, երբ արդէն կը ճանաչնայ հայոց այբուբենը, կը տիրապետէ հայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր խօսքին, համոզուած է եւ վստահ, որ իր հանգուցեալ տատիկը շատ հպարտ կ՚ըլլար՝ տեսնելով, որ կը սորվի հայոց լեզուն: Լինսիի նուիրուածութիւնը իր արմատներուն հանդէպ այնքան մեծ է, որ ան հայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ անորմով հպարտանալու զգացումը կը փոխանցէ նաեւ իր փոքրիկ աղջիկին, անոր մէջ սերմանելով սէրը հայոց լեզուի եւ հայկական մշակոյթի նկատմամբ, որպէսզի ան եւս վայելէ… չէօրէք պատրաստելու հաճոյքը։


Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան