Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
2013 -ին Աննա Տոլապճեանը կը նշանակուի Հայկական Համացանցային Համալսարանի ներկայացուցիչը Եգիպտոսի մէջ եւ այդ օրէն ի վեր, ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը իրականացնելու համար, աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ: Դեկտեմբեր 2015-ին, Եգիպտոս կատարած այցելութեան ժամանակ, ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Ե. Զօրեան անոր կը շնորհէ շնորհակալագիր եւ ՀՀՀ-ի դեսպանի պատուաւոր կոչում` առ ի գնահատանք իր մատուցած ջանքերուն եւ անսահման նուիրուածութեան:
Աննան ծնած է Երեւան: Իր ծնողները Հայաստան ներգաղթած են Եգիպտոսէն: Այս հանգամանքին բերումով, լաւ կը տիրապետէ ե՛ւ արեւելահայերէն ե՛ւ արեւմտահայերէն լեզուներուն:
Մանկութեան տարիներուն յաճախ լսած է անհաւատալի պատմութիւններ, Եգիպտոսի մասին: ճակատագիրի բերումով, ամուսնացած է եգիպտահայի հետ: Այժմ կ’ապրի Եգիպտոս, ուր ծնողները ծնած ու ապրած են մօտաւորապէս 37 տարի: Ունի երկու աղջիկ եւ թոռներ: Իր նմաններուն աջակցելու դիտաւորութեամբ, կազմած է ‹‹Հայաստանէն Եգիպտոս Գաղթած Հարսերու Միութիւն››ը: Խումբը արդէն ունի 30 անդամ:
Իր լեզուաբան մօր նման, սորված է լեզուներ եւ դարձած է ռուսերէն ու անգլերէն լեզուներու մասնագէտ: Եգիպտոսի մէջ փափաքած է, նաեւ, ուսումնասիրել ‹‹իմաստուն եւ հարուստ›› արաբերէն լեզուն:
Հօրենական կողմէ հզօր բնազդը, զինք մղած է հետեւելու հանգուցեալ հօր՝ Զաւէն Տոլապճեանի օրինակին, հանդէս գալով որպէս խորհրդատու, NLP-ի մասնագէտ եւ քնէածաբան։ Հայրը, Հայաստանի մէջ, յայտնի սրտաբան էր եւ բժշկական գիտութիւններու դոկտոր։ Գրած է, նաեւ, ‹‹Բժիշկի Յուշեր›› վերնագիրով կարճ պատմուածքներ։ Եղած է պատգամաւոր Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանին մէջ:
Աննան ստանձնած է կարեւոր տարբեր պաշտօններ։ Եղած է Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան՝ Դոկտ. Է. Նալպանտեանի անձնական խորհրդատուն, իսկ աւելի ուշ, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի համալսարանական միջոցառումներու կազմակերպող բաժինի տնօրէնը:
Առաջին անգամ ՀՀՀ-ի մասին լսած է 10 տարի առաջ, երբ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ՀՀՀ-ն կը ներկայացնէ Եգիպտոսի հայկական գաղութին։ Ան միշտ բարձր գնահատած է ՀՀՀ-ի հնարաւորութիւնները։ Ապրելով Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, նկատած է, որ ՀՀՀ-ը մեծ դեր ունի սփռուած հայերը միաւորելու մէջ։
ՀՀՀ-ը կարեւոր այլ դեր ունեցած է Աննայի կեանքին մէջ։ Իր աղջիկը, մայրենի լեզուի գիտելիքները կատարելագործելու համար, հետեւած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն։ 2013-ին, երբ այցելած է ՀՀՀ-ի Երեւանի գրասենեակը, աղջկան աւարտական վկայականը ստանալու նպատակով, ՀՀՀ-ի համագործակցութեան զարգացման գրասենեակը զինք առաջարկած է հանդիսանալ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչը՝ Եգիպտոսի մէջ։
Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի ղեկավարութեան աջակցութեամբ, Սեպտեմբեր 2013-ին, ՀՀՀ-ը պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ Եգիպտոսի մէջ: Այս առթիւ, Աննան կը նշէ. ‹‹Շատ հաճելի է աշխատիլ ՀՀՀ-ի հետ: Ես, իմ գաղութիս պէս, կը վայելեմ հայրենիքիս մօտ ըլլալու իւրաքանչիւր վայրկեանը։ ՀՀՀ-ի շնորհիւ, այդ դրական եւ ջերմ ներուժը կը սփռեմ շրջապատիս »։
Աննայի ներկայացուցած առաջին դասընթացքը ճատրակն էր, որ սկիզբ առաւ Սեպտեմբեր, 2014-ին, ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրի բաժինի եւ Եգիպտոսի ճատրակի հիպրիթ ծրագիրի աջակցութեամբ: Այս ծրագիրին մասնակցեցան 11- 65 տարեկան ուսանողներ։
Յաջորդ մեծ նախաձեռնութիւնը Մարտ ամիսէն սկիզբ առած հայոց լեզուի ուսուցումն է, հիպրիթ ծրագիրի միջոցով։ Աննան կը հաստատէ, որ այս ծրագիրը խթան հանդիսացաւ բոլոր անոնց, որոնք ծարաւի են խօսելու, կարդալու եւ գրելու մայրենի լեզուով»:
Որպէս ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ, Աննան ինք զինք կը համարէ ՀՀՀ-ի անբաժան մասը եւ հպարտութեամբ կը նշէ ՀՀՀ-ի կարեւորութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան համար. ‹‹ՀՀՀ-ը կ՚օգնէ, որ պահպանենք մեր ազգային էութիւնը։ Վերստին կ՚իմաստաւորէ մեր ազգի ունեցած դերը՝ պատմութեան մէջ եւ ուրոյն դիրքը՝ աշխարհի վրայ››:
Աննա, Իր դրական, խանդավառ եւ նպատակասլաց մօտեցումով, կը հանդիսանայ ՀՀՀ-ի համայնքի մէկ մասնիկը։