login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի ոգեւորող ելոյթը՝ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի կրթական մշակներուն 10/15/2021

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի համայնքներէն մօտաւորապէս 90 հայմանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ համայնքի ղեկավարներ, Հոկտեմբեր 9-ին միացան Թարգմանչացի եւ Ուսուցիչներու օրուան նուիրուած առցանց ձեռնարկին: ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան հանդէս եկաւ «Հայեցի կրթութիւնը եւ երեւութական աշխարհը» խորագիրը կրող դասախօսութեամբ։

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի դիւանապետի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՀ պետական օրհներգով եւ Տէրունական աղօթքով, ապա շարունակուեցաւ տեղեկատուական տեսանիւթերով։

Յատուկ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ դոկտ. Զօրեանը, ան անդրադարձաւ հայկական կրթութիւնը նորագոյն ճարտարագիտութեամբ ներկայացնելու կարեւորութեանեւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: Ելոյթէն ետք Գոլէթ Սերոբեանը նշեց
«ԴոկտԶօրեան, շնորհակալ եմ, որ լուսաբանեցիք ՀՀՀ-ի (Հայկական Համացանցային Համալսարան) ծրագիրները եւ ցոյց տուիք զանոնք կիրառելու միջոցները»: Ուրիշ մասնակից մը zoom-ի զրուցարանի բաժինին մէջ գրած է. «Բովանդակալից եւ խրախուսող ելոյթ. շնորհակալութիւն դոկտ. Զօրեան»:

Այնուհետեւ ՀԲԸՄ-ի «Ալեքսանտր» դպրոցիաշակերտները հանդէս եկան երգով մը, նուիրուած իրենց ուսուցիչներուն: Ապա հնչեցին մասնակիցներուն շնորհակալական խօսքերը: Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ արքեպիսկոպոս Նաճարեանի աղօթքով։

Թարգմանչաց տօնը նուիրուած է հայոց գիրերու գիւտին եւ Ս. Գիրքի թարգմանութեան։ 5-րդ դարուն տեղի ունեցած գիրերու գիւտէն ետք աշխարհի բոլոր հայերը այս տօնը կը նշեն: