login
Յօդուածներ
Երեւանի եւ Գիւմրիի աշակերտները ՀՀՀ-ի միջոցով կը սորվին Արհեստական բանականութեան հիմքերը 12/29/2022

2022 թուականի Դեկտեմբերին, Երեւանի Լէոյի անուան թիւ 65 դպրոցի 10-12-րդ դասարաններու աշակերտներէն խումբ մը  հետեւեցաւ ՀՀՀ-ի արհեստական բանականութիւն (AI) դասընթացքին: Դասընթացքը կիրարկուեցաւ հիպրիթ մեթոտով՝ առցանց եւ անցանց կրթութեան մօտեցումներով: 

 

Թէեւ դասընթացքը առցանց էր, բայց Մհեր Երզնկեանը (հեռավար ուսուցիչ) այս անգամ կրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ դասարանէն ներս, դպրոցի դաստիարակ Մէյրի Սիմոնեանի հետ տրամադրելով անհրաժեշտ աջակցութիւնն ու գիտելիքները: 

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան կը նշէ. «Այսօր կարեւոր է ոչ միայն արհեստական բանականութիւն ունենալը, այլեւ՝ ստեղծելը: Ուստի պէտք է յատուկ կրթութիւն ստանալ: Մեր նպատակն է, պզտիկ տարիքէն՝ երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտներէն սկսիլ»: 

 

Այս դասընթացքի նպատակն է աշակերտներուն հաղորդել  Արհեստական բանականութեան հիմնական գաղափարները, գիտելիքներն ու հմտութիւնները:  Խորանալով տուեալ մարզէն ներս աշակերտները ապագային կրնան ձեռք ձգել աշխատանքային տարբեր հնարաւորութիւններ: 

 

Եզակի հնարաւորութիւն էր ուսուցիչներու եւ օժանդակող կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով տրամադրուած այս հիպրիթ ծրագիրը: 

 

Դասընթացքը պատրաստուած  է ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, հայկական «Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութեան» (ՏՀՏ ԳՄ), Սինոփսիս ընկերութեան հիմնադրամի, Սինոփսիս Արմէնիայի (կրթական բաժին) եւ ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի համատեղ ջանքերով: Նախատեսուած է Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար:

 

Այժմ Գիւմրիէն 40 աշակերտ ծրագիրին միացած են:

 

Արցախի աշակերտներուն աւարտական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 31 Հոկտեմբեր 2022-ին եւ դասընթացքի առաջին մակարդակը յաջողութեամբ աւարտածները վկայագիրներ ստացան: