Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հոկտեմբեր 9-ին, Սինոփսիս Արմենիա ընկերութեան մէջ յատուկ ձեռնարկով մը տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրում՝ Հայաստանի դպրոցներու եւ միջին մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ STEP.ai-ի գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան կրթական ծրագիրներու կիրարկման կապակցութեամբ: Այս առթիւ դասընթացքի մասնակիցները հանդէս եկան աւարտական նախագիծերու ցուցադրութեամբ:
Ձեռնարկի նպատակն է ցոյց տալ STEP.ai-ի մասնակիցներու ձեռքբերումները եւ Հայաստանի ճարտարագիտութեան զարգացումները, որոնք ԱԲ ոլորտի ապագայ մասնագէտներու եւ նորարար սերունդի ձեւորման կրնան նպաստել:
Յուշագիրը ստորագրեցին՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Ժաննա Անդրիասեան, «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր-նախագահ եւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ դոկտոր Երուանդ Զօրեան, տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու (ՏՀՏԳ) միութեան գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեան։
Ձեռնարկին ներկայ էին՝ ՀՀ բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Սինոփսիս Արմենիայի ուսումնական բաժինի տնօրէն փրոֆ. Վազգէն Մելիքեան, Սինոփսիս ընկերութեան ներկայացուցիչներ, ճարտարագիտութեան ոլորտի նշանաւոր մասնագէտներ, դպրոցներու երկրորդական բաժինի աշակերտներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ աշակերտներու ծնողներ։
Բացման խօսքին մէջ, դոկտ. Ե. Զօրեան շեշտեց ԳՏՃՄ (STEM) ոլորտէն ներս ուսումնական այսպիսի նախագիծերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ապա ներկայացուց ծրագիրի յղացման միտումը, նշելով. «Մենք արագ զարգացող աշխարհի մէկ մասնիկն ենք: Պէտք է կիրառենք արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւնները, ու դեռ աւելին՝ ստեղծենք նորերը»։
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Ժաննա Անդրիասեան հաստաեց, որ այսպիսի փորձնական ծրագիրներու ներդրումը առիթ է ապագայի աւելի մեծ եւ ամբողջական ծրագիրներու համար: Ան ըսաւ.«Շատ կարեւոր է, որ մենք ծրագիրներ իրականացնենք մասնաւոր ոլորտի նախաձեռնութեամբ: Մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք, քանի որ ճարտարագիտութեան զարգացումը դպրոցներու եւ կրթական համակարգի մէջ որոշ հմտութիւններու եւ կարողութիւններու պահանջարկ կ'առաջացնէ»:
ՀՀ բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց․ «Վստահ եմ, որ արհեստական բանականութիւն ուսումնասիրողներու այս նոր սերունդը պիտի նպաստէ տնտեսութեան զարգացման եւ թուային փոխակերպման քաղաքականութեան իրականացման: STEP.ai-ի համար կարեւոր է նորարարութիւնը, մասնաւոր եւ արդիւնաբերական հատուածի համագործակցութիւնը»:
Սինոփսիս ընկերութեան բնապահպանական, սոցիալական եւ կառավարման բաժինի աւագ տնօրէն Էրին Հուզման ողջունեց ներկաները, ըսելով. «Ուրախ եմ, որ Սինոփսիս հիմնադրամը այսպիսի հրաշալի ծրագիրներ իրագործելու մէջ իր ներդրումն ունի: Ճարտարագիտութեան կրթութեան մէջ մեր համագործակցութիւնը յառաջընթացի մէջ է»:
2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին 64 ուսանող յաջողութեամբ աաւարտեց ծրագիրի առաջին դասընթացքը։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ STEP.ai արհեստական բանականութեան ծրագիրի առաջին դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած աշակերտներու աւարտական նախագիծերու ցուցադրութիւն եւ վկայականներու բաշխում:
Ծրագիրը սկիզբ առած է 2022-ին, Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը դպրոցներու երկրորդական բաժիններու մէջ: Բաղկացած է 3 դասընթացքէ: Բազմաբնոյթ բովանդակութեամբ տեսադասերը յագեցած են հեռավար ուսուցման արդիական լուծումներով։ Ուսուցումը տեղի կ'ունենայ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասնագէտներու կողմէ՝ հիպրիթ մեթոտով, այսինքն առցանց և առկայ ուսուցումով՝ դպրոցի ուսուցիչի եւ հեռավար դասախօսի աջակցութեամբ:
STEP.ai արհեստական բանականութեան ծրագիրը կազմուած է ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վէլիի եւ Սինոփսիս հիմնադրամի կողմէ՝ հայկական դպրոցներէն ներս ԳՏՃՄ (STEM) կրթութիւնը զարգացնելու համար: Մշակուած եւ իրականացուած է տեղեկատուական եւ հաղորդակցական տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութեան (UEICT) եւ Սինոփսիս Արմենիայի կրթական բաժինի համատեղ ջանքերով. կը մատուցուի ՀՀՀ ելեկտրոնային ուսուցման հարթակի միջոցով:
Ձեռնարկին կրնաք հետեւիլ սեղմելով այստեղ։