Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Այս ձմեռ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի աւելի քան 1000 անգամ կիրարկուած դասընթացքներուն 850-է աւելի ուսանող արձանագրուած է:
Հետաքրքրական է, որ իրենց ուսումը ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջոցով շարունակել փափաքող եւ ՀՀՀ-ին վերադարձող ուսանողներուն թիւը կը կազմէ 38% -ը:
ՀՀՀ-ին վերադարձած ուսանողներէն մէկը այսպէս կը վկայէ. « Ինչպէս միշտ, ես բարձր կը գնահատեմ իմ ուսումնառութեան ընթացքը. ՀՀՀ-ը բարձր մակարդակի կրթական հաստատութիւն է»: Ուրիշ ուսանող մը կը հաստատէ. «ՀՀՀ-ը օգնեց կապուած մնալ հայոց լեզուին եւ հայկական մշակոյթին»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կարեւոր դերին մասին այսպէս կ'արտայայտուի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն առաջին անգամ արձանագրուած ուսանողներէն մէկը. «Ես կը կարծեմ, որ ՀՀՀ-ը մեծ դեր ունի հայոց լեզուն եւ մշակոյթը հետաքրքրողներուն հասանելի դարձնելու առումով: Շատ շնորհակալ եմ. դասընթացքներուն միշտ պիտի հետեւիմ: Ինծի համար հայոց լեզուն շատ հետաքրքրական է. դասընթացքները հաճելի են»:
Այս ուսումնական շրջանի 25.1%-ը ԱՄՆ-էն է, 23.9% -ը՝ Ռուսիայէն, 20.9%- ը՝ Հայաստանէն, 4.2% -ը՝ Ֆրանսայէն, 3.2% -ը՝ Գանատայէն, եւ այլ ուսանողներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:
Գարնանային ուսումնական շրջանը ընթացքի մէջ է. աւելի քան 600 ուսանող արդէն արձանագրուած է: