Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
2020-էն ի վեր Ճատրակի համահայկական ճամբարն ու մրցաշարքը ամէն տարի տեղի ունեցող ամէնէն մեծ նախաձեռնութիւնն է բոլոր ճատրակասէրներուն համար: Հայ ճատրակասէրները ճատրակի մրցումներու, տարբեր խաղերու, մասնագիտական դասերու եւ հաւաքներու միջոցով կը համախմբուին ու կը հարստացնեն իրենց գիտելիքները:
Ճատրակի համահայկական մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ: Տարիներու ընթացքին այս մրցաշարքին միացած են աւելի քան 30 երկրէ պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ ճատրակ խաղալու եւ գիտելիքները հարստացնելու համար:
Մրցաշարքէն բացի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կը տրամադրէ համապատասխան անվճար հարթակ: Այս հարթակին շնորհիւ մասնակիցները կրնան ուսումնասիրել ճատրակին վերաբերող բազմաթիւ նիւթեր եւ դիտել նախոդ տարիներու մրցաշարքերուն խաղերը ու կապի մէջ մնալ ճատրակասէրներու հետ:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական ժողովի անդամ դոկտ. Երուանդ Զօրեան կը նշէ. «Մրցաշարքը նախաձեռնեցինք համավարակի ընթացքին, ճատրակի սիրահարները համախմբելու եւ հաղորդակցելու առիթ տալու նպատակով: Այժմ, մենք ունինք ճատրակի համահայկական համայնք, որ կազմուած է ճատրակ սիրող աւելի քան 1200 անդամներէ»:
1985-2000 թուականներու ճատրակի աշխարհի ախոյեան Կարի Գասպարովը Ճատրակի 3-րդ համահայկական մրցաշարքի եւ ճամբարի փակման արարողութեան ատեն կ'ըսէ․ «Ես շատ ուրախ եմ, որ այս մրցաշարքին ճատրակ սիրող մեծ թիւով հայ պատանիներ կը մասնակցին: Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ պայքարած եւ գոյատեւած է իր մտաւոր արժէքներուն շնորհիւ. կը կարծեմ, որ այսպիսի մրցանքի մասնակցիլը շատ կարեւոր է: Այսպիսի մրցաշարքեր ցոյց կու տան, որ ոչինչ կրնայ դէմ կենալ հայ ժողովրդին՝ զարգացնելու իր իմացական արժէքները»:
Նախորդ երեք մրցաշարքերու ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան հանդիպելու Հայաստանի կանանց ճատրակի քառակի ախոյեան Մարիա Գէորգեանի, 2020 թուականի Հայաստանի ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեանի, ճատրակորդներ Աննա Սարգսեանի, Տիգրան Յարութիւնեանի եւ այլ յայտնի դէմքերու հետ:
Ամէն տարի խաղերը կ'ընթանան ըստ տարածաշրջաններու, տարբեր հանգրուաններով: Եզրափակիչ խաղին մրցանակակիրները կը մրցին առաջին երեք դիրքերուն համար:
Ճատրակի մրցաշարքի աւարտին տեղի կ'ունենայ փակման արարողութիւն, որուն ընթացքին կը յայտարարուի առաջնակարգերու անունները եւ մրցանակակիրները յատուկ վկայագիրներ եւ նուէրներ կը ստանան:
Ճատրակի համահայկական 2-րդ ճամբարի եւ մրցաշարքի մասնակիցներէն, Եւրոպայի կիսաեզրափակիչի յաղթող Տիմիթրոս Լեւոն Զաքարեան, որ 2021-ին Անգլիայէն մասնակցած է, կ'ըսէ. «Ուրախ եմ, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն միացած հայ ճատրակորդներուն հետ խաղալու առիթն ունեցայ»:
Ճատրակի համահայկական 3-րդ մրցաշարքի եւ ճամբարի փակման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, FIDE-ի «Ճատրակը կրթութեան մէջ» յանձնաժողովի նախագահ Սմբատ Լպուտեան կը նշէ. «Խորին շնորհակալութիւն Հայկական Համացանցային Համալսարանին, այս կարեւոր եւ հետաքրքրական մրցաշարքը կազմակերպելուն համար։ Մեր համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի հետ միշտ արդիւնաւէտ է»:
Ձեռնարկներուն առնչուող նորութիւնները, նախորդ մրցաշարքերու տեսագրութիւնները եւ խաղերը կրնաք տեսնել ՀԲԸՄ ՀՀՀ ճատրակի համահայկական համայնքի հարթակի էջին: Միանալու համար սեղմեցէ՛ք հետեւեալ յղումը:
Այս տարի, Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարն ու մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 23 - Հոկտեմբեր 20: Հաճելի ձեռնարկներով յագեցած ճամբարին պիտի միանան նոր հիւրեր: Մրցաշարքին մասնակցելու համար փափաքողները կրնան արձանագրուիլ Սեպտեմբեր 23-էն սկսեալ: