Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ապրիլ 29-ին, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը համախմբեց եղեռնէն վերապրածներու ժառանգորդները՝ «Գոյառումի երթը» խորագիրով ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկի մը շուրջ, որպէսզի լուսարձակի տակ առնեն վերապրածներու կեանքի պատմութիւնն ու գոյառումի երթը։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Մարճըրի Ք. Նանեան (ԱՄՆ), Կարինէ Արմէն Քիւրքճեան (ԱՄՆ), Արմինէ Սամարգօ (Գանատա), Նայիրա Հրայրեան (Հայաստան) եւ Ֆլորենսիա Տեմիրճեան (Արժանթին) ներկայացուցին 20-րդ դարու սարսափելի կոտորածին ականատես եղած իրենց ծնողներու եւ մեծ հայրերու պատմութիւնները։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Աւագ հեռավար ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեան նոյնպէս ներկայացուցին իրենց ընտանիքներուն փրկութեան պատմութիւնը՝ ցոյց տալով լուսանկարներ եւ արխիւային տեսանիւթեր: Օրուան հանդիսավարներն էին ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Կրթական բաժինի ղեկավար Մարինէ Խաչատուրեանն ու Անի Տեկիրմէնճեանը:
Ողջոյնի խօսքին մէջ դոկտ. Երուանդ Զօրեան անդրադառնալով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ունեցած դերին՝ համայնաքային կեանքի մէջ, կը նշէ. «Որպէս անդամներ ՀՀՀ-ի մեծ ընտանիքի, մենք հոս ենք՝ ներկայացնելու մեզմէ իւրաքանչիւրի ընտանիքի փրկութեան պատմութիւնը: Այսօր պիտի խօսինք նահատակներու, մեր մեծ հայրերու եւ մեր, այսինքն՝ յաջորդող սերունդներու մասին: Պիտի խօսինք մեր մեծ հայրերէն ժառանգած կամքի ոյժի մասին»:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցողները իրենց պատումները ներկայացուցին ցոյց տալով լուսանկարներ, տեսանիւթեր եւ արխիւային փաստաթուղթեր:
Ձեռնարկի աւարտին, մասնակիցներէն Խուան Քէչիկեան այսպէս կ'արտայայտուի. « Ես կ'ուզեմ յատկապէս շեշտել հայկական մշակոյթի պահպանման ուղղուած ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կատարած բացառիկ եւ կարեւոր դերը: Ես կը հետեւիմ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Հայերէն սորված եմ նախակրթարանին՝ Արժանթինի մէջ: Հիմա, աւելի ժամանակ ունիմ եւ որոշած եմ հայերէն սորվիլ: Մենք, որպէս վերապրածներու ժառանգորդներ, պէտք է պահպանենք հայկական մշակոյթը. սա ամէնէն կարեւոր աշխատանքն է, որ մենք պէտք է կատարենք»:
«Գոյառումի երթը» ձեռնարկ-հանդիպումի միջոցով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կրկին ի մի բերաւ աշխարհի տարածքի բոլոր ուսանողները, այս անգամ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու եւ գոյառելու ու վերապրելու կամքի ոյժը գնահատելու համար:
Ձեռնարկի մասնակիցներուն տրամադրած նիւթերը կրնաք տեսնել այստեղ: