login
Յօդուածներ
Միջազգային գործընկերները Արժանթինի համալսարաններու ուսանողներուն ՀՀՀ –ի դասընթացքները կը տրամադրեն 04/06/2022

2021-ին, Արժանթինի Ռոսարիօ Ազգային համալսարանի (UNR) արուեստի եւ մշակոյթի բաժինէն մօտաւորապէս 30 ուսանող ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի առաջին մակարդակը աւարտեցին եւ անցան երկրորդ մակարդակին:


Ուսումնական շրջանի աւարտին, ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Գոհար Գէորգեանը կազմակերպեց առցանց այցելութիւն դէպի Հայաստանի պատմութեան թանգարանը: Ուսանողներէն մէկը այսպէս կ'արձագանգէ. « Շատ ուրախ ենք, որ միասին կրցանք ճամբորդել, թէկուզ՝ առցանց»:


NRU Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է,  որ իր ուսումնական ծրագրին մէջ ներառեց ՀՀՀ-ի դասընթացքները: 2021 թուականի Մարտ 30-ին,  առցանց  արարողութեան մը ընթացքին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը եւ Արժանթինի մեծագոյն համալսարաններէն մէկուն UNR-ի տնօրէն Ֆրանքօ Պարթոլաչին ստորագրած են համագործակցութեան համաձայնագիր: Այս նոր համագործակցութիւնը իրականացաւ համալսարանի հայկական ամպիոնի եւ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ջանքերուն շնորհիւ:


Փրոֆ. Ֆրանքօ Պարթոլաչին կը նշէ. «Ռոսարիօ Ազգային համալսարանի համար պատիւ եւ հպարտութիւն է այս համաձայնագիրի միջոցով ամրապնդել կապը մեր հաստատութիւններուն միջեւ»:  Ան կը հաստատէ, որ համաձայնագիրը համապատասխան է  միջազգային կապերու եւ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման ռազմավարութեան եւ կը նպաստէ հայ համայնքի մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման:


Դոկտ. Երուանդ Զօրեան կ'ըսէ. «Մենք շատ ոգեւորուած ենք եւ պատրաստ ենք ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՀՀ-ի կողմէ ոչինչ խնայել ու ծրագիրը արդիւնաւէտ դարձնել՝ Ձեր ուսանողներուն համար»: